ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Նիւ Տելհիի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Հայաստան-Հնդկաստան-Իրան եռակողմանի ձեւաչափով խորհրդակցութիւն մը։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս խորհրդակցութիւններուն ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց արտաքին գործոց նախարարութենէն Անահիտ Կարապետեան։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան Հարաւային Ասիոյ գլխաւոր վարչութեան պետ Հաշիմ Աշճազատէ եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն՝ Փաքիստանի, Աֆղանիստեանի եւ Իրանի տարածքային գլխաւոր վարչութեան պետ Ճ. Փ. Սինկհ գլխաւորեցին միւս պատուիրակութիւնները։
Բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը քննարկեցին հաղորդակցային ուղիներու նախաձեռնութիւններուն, բազմակողմանի հարթակներու վրայ ներգրաւուածութեան ու տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Նախանշուեցան նաեւ առեւտուրի, զբօսաշրջութեան եւ մշակութային փոխանակումներու խթանման, մարդոց միջեւ շփումներու ամրապնդման ուղիները։
Խորհրդակցութիւններու ընթացքին պատուիրակութիւնները ընդգծեցին «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրութեան միջանցքի (INSTC) շրջանակներէն ներս սերտ համագործակցութեան խթանման անհրաժեշտութիւնը՝ այս համատեսքէն ներս կարեւորելով Ճապահարի նաւահանգիստի դերը։ Հայկական կողմը մասնակիցներուն ներկայացուց հաղորդակցային ուղիներու վերաբերեալ իր «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։
Երեք կողմերը վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը՝ շարունակելու համար համագործակցութիւնը տուեալ ձեւաչափի շրջանակներէն ներս։ Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ, որպէսզի եռակողմանի խորհրդածութիւններու յաջորդ փուլը տեղի ունենայ Իրանի մէջ՝ կողմերու միջեւ համաձայնեցուելիք ժամկէտներով։