Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՊԱՅՐՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ
Ֆրանսայի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորման ուղղեալ աշխատանքները կը շարունակուին։ Երկրէն ներս տեղի ունեցած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններէն վերջ վարչապետ նշանակուած Միշէլ Պառնիէի կառավարութիւնը չէր կրցած վստահութեան քուէ առնել Ազգային ժողովէն։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն առաջադրեց վարչապետի նոր թեկնածու մը։ Այսպէս, Ֆրանսայի ղեկավարը վարչապետ նշանակեց «Ժողովրդավարական շարժում» կեդրոնամէտ կուսակցութեան ղեկավար Ֆրանսուա Պայրուն։ 73 ամեայ նոր վարչապետը կը համարունի նախագահ Մաքրոնի համախոհը։
Յառաջիկայ օրերուն Ֆրանսու Պայրու պիտի ձեւաւորէ իր կառավարութիւնը, որու եւս վստահութեան քուէ տալու հարցը պիտի գայ Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ։
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2024