ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Փիոթր Սվիթալսքիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն օրակարգային հարցերուն։ Սերժ Սարգսեան հերթական անգամ ընդգծեց, որ ԵՄ-ի հետ Հայաստանի համագործակցութիւնն ու յարաբերութիւններու զարգացումը կը շարունակէ մնալ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին։ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն ի նպաստ ԵՄ-ի աջակցութեան համար։ Ըստ իրեն, յատկապէս Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն վերջ Հայաստան կը մտնէ լայնածաւալ բարեփոխումներու նոր փուլ մը։ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ ԵՄ-ի կողմէ բարեփոխումներուն համար տրամադրուող աջակցութիւնները պիտի ըլլան շարունակական՝ նկատի առնելով ցարդ ցուցաբերուած աջակցութեան արդիւնաւէտութիւնը երկրին տեսակէտէ։
Իր կարգին, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի յոյս յայտնեց, որ 2016 թուականը Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն նոր որակ մը պիտի հաղորդէ ու մինչեւ տարեվերջ իրենց աւարտին պիտի հասնին կողմերու միջեւ նոր համապարփակ իրաւական փաստաթուղթի մը հասնելու շուրջ սկսած բանակցութիւնները։ Սվիթալսքի վերահաստատեց ԵՄ-ի հետաքրքրութիւնը՝ Հայաստանին օժանդակելու համար համագործակցութեան զարգացման եւ բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ։