ԱՌՑԱՆՑ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ենիգիւղի Փանայիա յունաց եկեղեցւոյ կողմէ, Եւրոմիութեան հովանաւորութեան ներքեւ յառաջ տարուած «Ընկերային մետիան եւ փոքրամասնութիւնները» խորագրեալ նախագծին շրջագծով կազմակերպուած վերջին աշխատանոցը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ։ Ծանօթ է, որ Ենիգիւղի յունաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետն է Լաքի Վինկաս, որ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի պաշտօնը աւարտելէ վերջ ձեռնամուխ եղած է այս ծրագրին։
Երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին լուսարձակի տակ բերուեցան Թուրքիոյ մէջ կրօնական կառոյցներուն կողմէ ընկերային մետիայի օգտագործման ձեւերը՝ այդ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Հաւաքոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Լաքի Վինկաս, «Պիլկի» համալսարանէն Էրհան Սաքա, որ մասնագիտական լուրջ ներդրում մը բերած է այս ծրագրին եւ Ռիթա Էնտէր, որ միեւնոյն ժամանակ երէկուան նիստավարն էր։ Ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու հոգեւոր կեդրոններու ներկայացուցիչներուն առընթեր երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ կարգ մը մտաւորականներ եւ ալեւի դաւանանքէ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Հաւաքոյթի ատենախօսներու շարքին էր Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, որ ներկայացուց Պատրիարքական Աթոռը եւ իր զեկուցումով փոխանցեց օրուան նիւթին վերաբերեալ անոր մօտեցումները։ Հարկ է նշել, որ նախապէս ծրագրուած էր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի հանդէս գալը, սակայն վերջին պահուն ան հաւաքոյթին չկրցաւ մասնակցիլ առողջական պատճառներով ու զինքը փոխարինեց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Ատենախօսները ամփոփ գիծերու մէջ կանգ առին երկրի փոքրամասնութիւններու եւ անոնց հոգեւոր կեդրոններուն տեսակէտէ առցանց հնարաւորութիւններուն ապահոված առաւելութիւններուն։ Ատենախօսները այս շրջագծով մատնանշեցին ընկերային մետիային կարեւորութիւնը, կանգ առին այդ միջավայրին մէջ համայնքներուն համար ստեղծուած խմբակներուն վրայ ու կարեւորեցին անոնց գիտակից օգտագործման անհրաժեշտութիւնը։
Երէկ կազմակերպուած քննարկումները արդէն բնորոշեցին այս ծրագրին վերջին աշխատանոցը։ Նկատի ունենալով, որ նիւթը ցարդ զանազան երեսակներով քննարկուած է այս ծրագրին շրջագծով, յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսուի կատարուած վիթխարի քննարկումներուն ամփոփումը։ Նախագծին պատասխանատուները կը ծրագրեն նաեւ ապագային փակման