ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Սուլ­թա­նահ­մէ­տի հրա­պա­րա­կին վրայ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մէն վերջ Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ ի­րա­կա­նաց­նել ազ­դու գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը Սուլ­թա­նահ­մէ­տի դէպ­քէն ի վեր տուած է ծանր կո­րուստ­ներ։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, թէ ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մի պա­տա­հած պա­հէն սկսեալ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն տրուած հրա­հան­գին վրայ, շուրջ եր­կու օ­րուան ըն­թաց­քին Ի­ՇԻՊ-ի դիր­քե­րուն վրայ կա­տա­րուած է շուրջ հինգ հա­րիւր յար­ձա­կում։ Այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին Ի­ՇԻՊ-ի շար­քե­րէն շուրջ եր­կու հա­րիւր ա­հա­բե­կիչ­ներ չէ­զո­քա­ցուած են։ Այդ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ի­րա­կա­նա­ցուած են թէ՛ Ի­րա­քի եւ թէ Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս։

Ան­գա­րա­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած 8-րդ Դես­պան­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով, Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Տա­վու­տօղ­լու յայտ­նեց, թէ Թուր­քիոյ դէմ գոր­ծուե­լիք ա­րարք­նե­րուն պա­տի­ժը պի­տի տրուի բազ­մա­պատ­կուած ձե­ւով։

Միւս կող­մէ, Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Թո­մաս Տը Մայ­ցիէր, որ Սուլ­թա­նահ­մէ­տի պայ­թու­մէն վերջ այ­ցե­լած էր Իս­թան­պուլ՝ յայտ­նեց, որ յար­ձա­կու­մը ի­րա­գոր­ծած «կեն­դա­նի ռումբ»ին ինք­նու­թիւ­նը տա­կա­ւին չէ յստա­կա­ցած։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016