ՉԱՐԼԶ ՔՈՒՓՉԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի Եւ­րո­պա­յի հար­ցե­րով ա­ւագ տնօ­րէն եւ Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի գլխա­ւոր օգ­նա­կան Չարլզ Քափ­չան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ա­մե­րի­կա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տա­րը այս շրջագ­ծով հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ող­ջու­նե­լով հիւ­րը Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան նշեց, որ Հա­յաս­տան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հետ իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման նկատ­մամբ, բարձր կը գնա­հա­տէ հայ-ա­մե­րի­կեան բա­րե­կա­մա­կան ներ­կայ գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը, նաեւ ա­նոր ա­ռա­ւել զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կուող հա­մա­տեղ քայ­լե­րը։

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար՝ իր հեր­թին Քափ­չան նշեց. «Ու­րախ եմ այս հնա­րա­ւո­րու­թեան հա­մար՝ քննար­կե­լու մեր եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ ար­դէն իսկ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ա­մուր ու բազ­մա­կող­մա­նի կա­պե­րու ա­ռա­ւել ամ­րապնդ­ման ու­ղի­նե­րը, ինչ որ թոյլ պի­տի տայ հաս­նե­լու մեր ընդ­հա­նուր նպա­տա­կին, որն է՝ ա­զատ, բա­րե­կե­ցիկ եւ անվ­տանգ Հա­յաս­տա­նը, որ խա­ղաղ կը գո­յակ­ցի իր հա­րե­ւան­նե­րուն հետ»։

Զ­րու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան հայ-ա­մե­րի­կեան օ­րա­կար­գի բազ­մա­թիւ հար­ցե­րուն, կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին հրա­տապ մի­ջազ­գա­յին խնդիր­նե­րուն շուրջ։

Նալ­պան­տեան եւ Քափ­չան գո­հու­նա­կու­թեամբ նշե­ցին, որ 2015 թուա­կա­նը բա­ւա­կան աշ­խոյժ տա­րի մը ե­ղած է՝ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Ու­ժի մէջ մտած է Հա­յաս­տա­նի եւ ԱՄՆ-ի մի­ջեւ վի­զա­նե­րու դիւ­րաց­ման ուղ­ղեալ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, ան­ցեալ տա­րի Մա­յի­սին ստո­րագ­րուած է Հա­յաս­տան-ԱՄՆ Ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, ո­րու հի­ման վրայ ստեղ­ծուած Ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու խոր­հուր­դի անդ­րա­նիկ նիս­տը տե­ղի ու­նե­ցած է ան­ցեալ Նո­յեմ­բե­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Գու­մա­րուած է նաեւ Հա­յաս­տան-ԱՄՆ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին նիս­տը։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան քննար­կուե­ցան մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րուն, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի, հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ու­ղի­նե­րու, խա­ղա­ղա­պահ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ շարք մը հար­ցեր։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Չարլզ Քափ­չան անդ­րա­դար­ձան նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդրի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին։ Նալ­պան­տեան ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ հա­մա­տեղ ջան­քեր գոր­ծադ­րել՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ հան­գու­ցա­լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Չարլզ Քուփ­չան ե­րէկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րը՝ Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տեց երկ­կող­մա­նի բարձ­րաս­տի­ճան փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն կ՚ու­նե­նան բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն մէջ։ Ան յոյս յայտ­նեց, թէ Քուփ­չա­նի այ­ցը եւս իր նպաս­տը պի­տի բե­րէ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման։ Սերժ Սարգ­սեան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց, որ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տա­տու­մէն ի վեր հայ-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մշտա­պէս ու­նե­ցած են զար­գա­ցում։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ա­մե­րի­կեան կող­մին՝ Հա­յաս­տա­նին ի նպաստ ցու­ցա­բե­րուող օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար, ո­րու շնոր­հիւ ե­ղած են ձեռք­բե­րում­ներ զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս։ Սերժ Սարգ­սեան կա­րե­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման, բա­րե­փո­խում­նե­րուն, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան կա­յաց­ման հա­մար ԱՄՆ-ի կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս կա­յու­նու­թեան ա­պա­հով­ման ուղ­ղեալ ԱՄՆ-ի կա­ռա­վա­րու­թեան շա­րու­նա­կա­կան ջան­քե­րը։

Հան­դիպ­ման տե­ւո­ղու­թեան անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ անվ­տան­գու­թեան ո­լոր­տէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, Հա­յաս­տան-ՆԱ­ԹՕ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի կող­մէ բե­րուած մաս­նակ­ցու­թեան, մի­ջազ­գա­յին ար­դի խնդիր­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, տա­րած­քաշրջա­նէ ներս առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին, Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն եւ փո­խա­դարձ հե­տաքրքրու­թիւն ներ­կա­յաց­նող այլ շարք մը հար­ցե­րու։

Չարլզ Քուփ­չան նշեց, որ ԱՄՆ բարձր կը գնա­հա­տէ Հա­յաս­տա­նի յանձ­նա­ռու­թիւ­նը աշ­խար­հի մէջ խա­ղա­ղու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման գոր­ծին մէջ ստանձ­նած մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ան գո­հու­նա­կու­թեամբ փաս­տեց, որ Հա­յաս­տան այդ ա­ռու­մով պատ­րաս­տա­կամ է նպաս­տել ՆԱ­ԹՕ-ի մի­ջազ­գա­յին եւ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փով այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ջան­քե­րուն։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016