ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՆՓՈՓՈԽ

Ան­գա­րա­յի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ճոն Պեսս յայ­տա­րա­րեց, որ Ո­ւա­շինկ­թը­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ան­փո­փոխ կը մնայ 1915-ի շուրջ։ Ա­մե­րի­կա­ցի դես­պա­նը, որ ծա­ւա­լուն հար­ցազ­րոյց մը տուած է «Սա­պահ» օ­րա­թեր­թի Ան­գա­րա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Օ­քան Միւ­տեր­րի­սօղ­լուին, անդ­րա­դար­ձած է նաեւ հայ­կա­կան հար­ցին։ Ի­րեն հարց տրուած է, թէ ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա ար­դեօք կը փո­խէ՞ 1915-ի դէպ­քե­րու վե­րա­բե­րեալ դիր­քո­րո­շու­մը՝ իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան եզ­րա­փա­կիչ շրջա­նին։ Ի պա­տաս­խան Ճոն Պեսս ը­սած է հե­տե­ւեա­լը.

«Ես ի վի­ճա­կի չեմ են­թադ­րե­լու, թէ նա­խա­գա­հը կամ Գոնկ­րէ­սը ի՛նչ կրնան ը­սել, սա­կայն մեր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը չէ փո­խուած։ 1915-ին ապ­րուած­նե­րուն շուրջ ծա­ւա­լուն ձե­ւով խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, մեր հա­մոզ­մամբ, թէ՛ այս երկ­րին եւ թէ հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նի շա­հե­րուն կը նպաս­տեն։ Բայց եւ այն­պէս, սա միայն պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ հարց մը չէ ու կա­րե­ւոր կը նկա­տեմ յի­շեց­նել, թէ ներ­կա­յի եւ ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ նիւթ մըն է»։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016