ԴԱՆԱԿԸ՝ ՈՍԿՈՐԻՆ

Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները հետզհետէ ահազանգային բնոյթ կը ստանան Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութիւնը արդէն աշխատանքի ձեռնարկած է՝ Սուրիոյ մէջ ստեղծելու համար սահմանային անվտանգութեան միաւոր մը։ 30 հազար հոգիէ պիտի բաղկանայ այս զօրքը։ Թուրքիա կրակ կը ժայթքէ այս նախաձեռնութեան դէմ, որովհետեւ նախատեսուած զօրքի ողնայարը կը կազմեն ԵՓԿ-ականները։

Անգարա միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ երկար ժամանակէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ Սուրիոյ մէջ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի դիրքերու ամրապնդման դէմ, որովհետեւ այդ մէկը կը համարուի անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան շառաւիղը։ Միջոց մը առաջ ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին խոստացած էր, որ իր երկիրը զէնք-զինամթերքի մատակարարումները պիտի դադրեցնէ ԵՓԿ-ՓԵՏ-ի համար։ Բայց եւ այնպէս, ներկայիս իրադարձութիւնները ունին բոլորովին այլ ընթացք մը։ Թուրքիոյ տեսակէտէ դանակը ոսկորին հասնելու վրայ է եւ ամերիկեան կողմը սահմանի վրայ կրակի հետ կը խաղայ։ ԱՄՆ-ի կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութիւնը մանրամասնութիւններ ալ հաղորդեց Սուրիոյ հիւսիսին նախատեսուած այս սահմանապահ նոր զօրքին շուրջ։ Յստակ բացատրուեցաւ այն տարածքը, ուր այդ զօրքը պիտի պաշտօնավարէ։ Սա արդէն մեկնաբանուած է՝ որպէս ԱՄՆ-ի կողմէ ՓԵՏ-ի համար գծուած սահման։

Անգարայի ղեկավարութիւնը բուռն հակազդեցութիւնով հանդէս կու գայ այս զարգացումներուն շուրջ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին մասնակցած հանրահաւաքներուն ժամանակ խիստ ոճով արտայայտուեցաւ այս իրադարձութիւններուն դէմ։ «ԱՄՆ միթէ դուն մեզ կը խաբե՞ս», ըսաւ Էրտողան՝ տեղեկացնելով, որ Թուրքիա կը պատրաստուի գործողութեան ձեռնարկել Աֆրինի դէմ։ Նախագահը խիստ ոճով քննադատեց ԱՄՆ-ը, որ կը խրախուսէ ՓԵՏ-ն։ «Մենք շատ լաւ գիտենք Սուրիոյ եւ մեր երկրի ահաբեկիչները։ Այս պահու դրութեամբ մեր սահմաններու վրայ ամենափոքր սադրանքը պիտի համարենք ազդանշանը՝ մեր կողմէ առնուելիք քայլերուն համար», ըսաւ Էրտողան։

Հանրապետութեան նախագահին բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ անընդունելի համարեց Սուրիոյ հիւսիսին նախատեսուած այդ սահմանապահ զօրքին ստեղծուիլը։ Իր խօսքերով՝ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի պատճառաբանութիւնով ԱՄՆ խրախուսած էր ՓՔՔ-ի շառաւիղ՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ն։ Հիմա այդ աջակցութիւնը դադրեցնելու փոխարէն՝ ԱՄՆ կ՚առնէ այս ահաբեկչական կազմակերպութիւնը օրինականացնելու եւ տարածքաշրջանէ ներս մշտական վիճակի բերելու ուղղեալ քայլ մը։ Սա բացարձակապէս անընդունելի է», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն։

Միւս կողմէ, տեղական մամուլէն զանազան թերթեր հաղորդումներ կ՚ընեն, թէ Աֆրինի համար նախատեսուած գործողութիւնները ինչպիսի մարտավարութիւնով մը պիտի ընթանան։

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2018