ՎԱՌ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրման կեդրոնի տնօրէն Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան, որոնք «Հրանդ Տինք» հիմնարկի հրաւէրով անցեալ շաբաթ այցելեցին քաղաքս, երէկ հրաժեշտ առին Իսթանպուլէն։ Հիւր մտաւորականները վառ տպաւորութիւններով մեկնեցան քաղաքէս։ Բացի հիւրընկալ հիմնարկի երդիքին տակ կազմակերպուած հաւաքոյթներէն, Զարգարեան եւ Տագէսեան այցելութեան օրերուն այցելեցին նաեւ Կեդրոնական վարժարան։ Տիգրան Զարգարեան այցելեց նաեւ Թաքսիմի «Աթաթիւրք» գրադարանը, որ վերջին շրջանին որոշ շփումներ հաստատած է Հայաստանի Ազգային գրադարանին հետ։

Հիւրերը մեկնելէ առաջ մեզի յայտնեցին, որ բարձր կը գնահատեն պոլսահայութեան հարուստ նախընթացները, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին հայաշխարհի տեսակէտէ։

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2018