Ի՞ՆՉՊԷՍ ԱՊՐԵՑԱՆ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐԸ ԱՆՑՆՈՂ ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐԵՐԸ

Հայկական օրակարգին վրայ կարեւորագոյն տեղ զբաղեցուցած Հալէպի նիւթը այսօր այլ հարթութեան վրայ է։ Անպայման չեմ ուզեր ըսել, որ հայկական աշխարհը եւ հայութիւնը յուզող խնդիրներու ընդհանուր սանդղակին վրայ Հալէպը հանուած է հետաքրքրութեան ծիրէն, սակայն Սուրիոյ եւ յատկապէս այդ քաղաքին մէջ երեւելի դարձած խաղաղութեան վերահաստատումով, մարդիկ սկսած են նուազ կերպով տարուիլ Հալէպի լուրերով։ Անշուշտ բոլոր անոնք, որոնք տակաւին հարազատներ ունին այդ քաղաքին մէջ, կը շարունակեն ուշի-ուշով հետեւիլ զարգացումներուն, բայց եւ այնպէս աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան եւ հայութիւնը «գրկող» միութիւններուն համար ալ Հալէպը դադրած է «օրակարգային» նիւթ մը ըլլալէ։

Ի դէպ օրակարգային նիւթ ըսելով պէտք է հասկնալ, համահայկական մակարդակի հետաքրքրութիւն, որուն մենք ականատեսը եղանք 2013-էն մինչեւ 2017 թուականի սկիզբը։ Այսինքն այն օրերուն, երբ Հալէպը դարձած էր ահաբեկիչ զինեալներու գլխաւոր թիրախը եւ ատենի մը, երբ հայկական Հալէպը բառին իրական իմաստով կ՚արիւնահոսէր։

Հետեւեաբար այսօր ունինք բոլորովին նոր իրավիճակ մը, որ կարելի է համարել նախքան ընդհանուր վերաշինութեան շրջանը։

Տեսակ մը «լռութեան» եւ «սպասում»ի փուլ մը, որ յատկանշուած կրնայ ըլլալ զանազան խնդիրներով։

Օրինակ, եթէ Հալէպ բնակող մեր հայրենակիցներուն այսօր հարցում տանք, թէ ինչ են իր առօրեայ կեանքը դժուարացնող հիմնախնդիրը, ան արագօրէն պիտի պատասխանէ ու խօսի քաղաքին մէջ ծագած տնտեսական-ընկերային բաւական աչքառու երեւոյթներու մասին, որոնք իրենց էութեամբ նորութիւն են այդ քաղաքին համար։

Օրինակ մը տալու համար նշեմ, տնային օգտագործման կազի տագնապի պարագան, որ վերջին երեք-չորս ամիսներուն անբանաժանելի մասը դարձաւ հալէպցի մեր հայրեանկիցներու առօրեային մէջ։ Ճիշդ է, որ հայկական աղբիւրներ (խօսքը յատկապէս Հալէպի մէջ գործող հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու մասին է) ընդհանրապէս չխօսեցան այդ դժուարութիւններուն մասին, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ Հալէպի մէջ կազի, ջուրի, վառելանիւթի տագնապներ չկան։ Այս թուարկածներս, անշուշտ, խանգարող, մարդուս առօրեան ու կեանքը դժուարացնող հարցեր են, որոնց լուծման բանալին չի գտնուիր սովորական քաղաքացիներուն մօտ։ Զարմանալին այն է, որ այս բոլորը տեղի կ՚ունենան երկրի մը մէջ, որ պատերազմէն առաջ կը համարուէր ժամացոյցի ճշգրտութեամբ «աշխատող« ու ապրող քաղաք մը։ Վիճակը առհասարակ այպանելի չէ ու երեւան եկած դժուարութիւնները բնականաբար հետեւանք են այդ երկիրը քարուքանդ ընող պատերազմին, որուն պատճառով ալ մեծ վնասներ կրեց Միջին Արեւելքի աւազանին վրայ գտնուող եւ հայութեան համար այդքան թանկ ու կարեւոր դիրք ունեցող Հալէպի գաղութը։

Հիմա գլխաւոր հարցը, որ կը հնչէ, հետեւեալն է. արդեօք իր աւարտի՞ն հասաւ Սուրիոյ պատերազմը։ Հարցում մը, որուն պատասխանը կը գտնուի Սուրիոյ տագնապին մէջ մինչեւ իրենց ականջները թաթխուած երկիրներու ղեկավարներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը փորձէ իր աշխարհաքաղաքական շահերը ապահովել այդ երկրին մէջ։ Մէկ կողմ դնելով «դաւադրութեան տեսութիւն» կոչուածը եւ հիմք ընդունելով Միջին Արեւելքի քարտէսին վրայ առկայ տարաբնոյթ պայքարներն ու մրցակցութիւնը, ապա հաշուի պէտք է առնել, որ հակառակ ութ տարիներու ջլատիչ պատերազմին՝ Սուրիան այսօր ալ կը համարուի կարեւոր «խաղացող» մը։ Ու անկախ այն հանգամանքէն, որ ինչ իշխանութեան շնորհիւ այդ երկիրը կը ղեկավարուի, աւելի քան յստակ է, որ Սուրիոյ բնական հարստութիւնները, աշխարահագրական դիրքն ու բնական պաշարները անփոփոխ ու կարեւոր դրամագլուխներ են, որոնք այդ երկրին կու տան շրջանին մէջ կարեւոր դեր մը կատարելու հնարաւորութիւնը։

ՀԱԼԷՊ. ՀԱՅԵԱՑՔ ՄԸ «ՆԵՐՍԷՆ»

Այսքանը ընդհանուր իրավիճակին շուրջ… Հալէպի մասին աւելի մանրազննին կամ «ներսէն» համարուած հայեացք մը ունենալու համար վերջերս Հալէպ քաղաքի նահանգային խորհուրդի անդամ Շահէ Մինասեանին հետ կատարեցի հետեւեալ հարցազրոյցը։

-Ինչպէ՞ս անցուցին հալէպցիք, տօնական օրերը:

-Կրնամ ըսել, որ վերջին տարիներուն համեմատած, 2018-2019-ի տօնական օրերը խաղաղ եւ հանգիստ, ամենալաւ տօնական օրերն էին, նկատի ունենալով երկրի ապահովական վիճակը, Հալէպի մէջ պատերազմի մասամբ մը վերջ գտնելը, ինչպէս նաեւ քաղաքի ազատագրութեան երկրորդ տարեդարձի նշումը: Սուրիոյ կառավարութիւնը իր հերթին Սուրբ Ծնունդի եւ Ամանորի տօներու նախօրէին, մանաւանդ քրիստոնէական թաղամասերուն մէջ, հրապարակներու բարեկարգման եւ զարդարանքին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէր, որպէսզի տօնական օրերը անցած տարիներուն համեմատած ըլլան աւելի ճոխ եւ զուարթ. կառավարութեան հետաքրքրութիւնը այս հարցին շուրջ զգալի եւ նկատելի էր: Անշուշտ մեր փափաքն է, որ Հալէպը ամբողջապէս վերագտնէ իր անցեալի օրերը եւ հայ համայնքի անդամները վերադառնան Հալէպ ու դարձեալ այս տօնական օրերը անցեալի նման ա՛լ աւելի ճոխ եւ ա՛լ աւելի ուրախ անցնին:

-Գիտենք, որ վերջին շրջանին տնտեսական դժուարութիւններ կան. օրինակ՝ կազի, ելեկտրականութեան տագնապ։ Ի՞նչ է ընդհանուր իրավիճակը, ի՞նչ կրնաք ըսել մեզի:

-Ինչ կը վերաբերի քաղաքին մէջ առկայ տագնապներուն, ապա այսօրուան դրութեամբ կայ ելեկտրականութեան ու կազի տագնապ, բայց համոզուած ենք, որ այս հարցերը ժամանակաւոր են եւ կառավարութիւնը կը ջանայ արագօրէն լուծել զանոնք: Ասիկա կառավարութեան կամքէն անկախ վիճակ մըն է, որովհետեւ ինչպէս գիտէք, պատերազմի հետեւանքով Հալէպը յայտնուեցաւ պաշարման տակ եւ այդ պատճառով ալ վերոյիշեալ տագնապները յառաջացան։ Տեղեկութիւններ ունիմ, որ կազի հարցը մօտ օրէն պիտի լուծուի, իսկ ելեկտրականութեան հարցը, քանդուած ելեկտրակայաններու վերակառուցմամբ աստիճանաբար պիտի լուծուի եւ այդ առումով կարեւոր աշխատանքներ արդէն կը կատարուին:

Ինչ կը վերաբերի տնտեսական վիճակին, ճիշդ է, որ այսօր Հալէպի մէջ կայ տնտեսական տագնապ, բայց վիճակը անցեալին համեմատ որոշ չափով աւելի լաւ է եւ կը կարծեմ, որ 2019-ին աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Այս կ՚ըսեմ անշուշտ նկատի առնելով կառավարութեան տուեալները եւ նախատեսուած տնտեսական դրական աճը։

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք քաղաքի ապահովական վիճակը։ Մանաւանդ, որ շրջանին մէջ կարեւոր զարգացումներ տեղի կ՚ունենան։ Խօսքը հիւսիսային Սուրիոյ շրջանին մէջ սպասուող զարգացումներուն մասին է եւ արդեօք այդ առումով որոշ մտահոգութիւններ կա՞ն։

-Ապահովական գետնի վրայ, մտահոգութիւններ չկան, մանաւանդ Հալէպ նահանգէն ներս, ուր ապահովութիւնը կը գտնուի Սուրիոյ բանակի տիրապետութեան տակ։ Ինչ կը վերաբերի Հալէպի շուրջ եղող գիւղերուն, որոնք տակաւին ահաբեկիչներուն տիրապետութեան տակ կը գտնուին։ Մենք կը կարծենք, որ սուրիական զօրքը իր իրականացուցած գործողութիւններով օրէ օր առաջ պիտի երթայ եւ Հալէպի շրջակայքը վերջնականապէս պիտի մաքրուի ահաբեկիչներէն եւ նախագահ Պեշար Էսատին հրահանգով՝ զօրքը արդէն դէպի առաջ կ՚երթայ եւ խօսքին վերջին ապացոյցը դէպի Մենպիչ մեր բանակին արձանագրած տեղաշարժն էր։ Մենք կը հաւատանք, որ յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն Մենպիչի նման Հալէպի շուրջ եղող մնացեալ գիւղերը եւս սուրիական զօրքի հսկողութեան տակ պիտի անցնին:

-Ե՞րբ պիտի վերաբացուի Հալէպի օդակայանը։

-Ինչ կը վերաբերի օդակայանի հարցին. օդակայանը թեքնիկապէս պատրաստ է իր աշխատանքը վերսկսելու համար եւ միայն որոշ ապահովական հարցերու պատճառով է, որ անոր պաշտօնական վերաբացումը կը յետաձգուի: Ապահովական խնդիրը այն է, որ օդակայանի շրջակայ շրջանին մէջ կան ահաբեկչական խումբեր, որոնք կրնան հարուածել օդանաւերը եւ մինչեւ այդ շրջանները ամբողջապէս չազատագրուին ահաբեկիչներէն, թռիչք կատարող օդանաւերու ապահովութիւնը վտանգուած կրնայ ըլլալ: Իսկ թեքնիկ առումով, ինչպէս ըսի, օդակայանը պատրաստ է եւ կրնամ ըսել, որ անցեալէն շատ աւելի շքեղ եւ արդիական միջոցներով համալրուած:

Ես կը կարծեմ, որ Հալէպ նահանգին մէջ, 2019-ին զգալիօրէն փոփոխութիւններ պիտի կատարուին, մանաւանդ նահանգի գիւղերէն ներս, ուր սուրիական զօրքը արդէն որոշ աշխատանքներ կը տանի եւ ընդհանուր Սուրիոյ համար։ Մէկ խօսքով 2019-ը Սուրիոյ պատերազմի աւարտի տարին պիտի ըլլայ։

Անշուշտ այս զարգացումներուն մէջ հայ համայնքն ալ կարեւոր աշխատանք պիտի տանի, որպէսզի ամբողջ աշխարհին ցոյց տանք, թէ Հալէպի մէջ հայութիւնը տակաւին ներկայ է եւ վերականգնումի այս շրջանին մենք ալ մեր տեղն ու դերը պիտի ունենանք:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019