ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները քննարկեցին Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտի մը ստեղծելու հարցը։ Անոնք կանգ առին նաեւ առողջ հաղորդակցութեան կարեւորութեան վրայ։

Ինչպէս ծանօթ է, երէկուան օրը թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ սկսաւ մտահոգիչ իրադարձութիւնով մը։ Սուրիոյ հարցին բերումով Ուաշինկթըն թրքական կողմին սպառնաց՝ տնտեսական փլուզումով։ Անգարան ալ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ ամերիկեան կողմի այդ սպառնալիքին դէմ։ Աւելի վերջ, օրուան տեւողութեան, այսպիսի պայմաններու ներքեւ տեղի ունեցաւ երկու նախագահներուն հեռախօսազրոյցը։ Անոնք այս առթիւ հանրային կարծիքի ուղղեալ առողջ հաղորդակցութեան կարեւորութեան անդրադարձան։ Էրտողան եւ Թրամփ շօշափեցին նաեւ Սուրիայէ ներս նախատեսուած անվտանգ գօտիի մանրամասնութիւնները։ Իր ամերիկացի պաշտօնակցին հետ զրուցելէ վերջ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի տնտեսական համագործակցութեան աճին շուրջ ալ խօսած են եւ այս ուղղութեամբ գոյութիւն ունի զարգացման մեծ ներուժ մը։

Պեշթեփէի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Էրտողան հերթական անգամ ողջունած է Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերը դուրս բերելու որոշումը։ Թուրքիա՝ իբրեւ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից, այս փուլին պատրաստ է ամէն տեսակ զօրակցութիւն ցուցաբերել ԱՄՆ-ին։ Տարածքաշրջանէ ներս իշխանութեան պարապութիւնը կանխելու նպատակով թրքական կողմը կարեւոր կը համարէ Մենպիչի վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսի ի կատար ածուիլը։ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ, երկրի հարաւային հատուածներէն ներս ահաբեկչութենէ մաքրագործուած, անվտանգ գօտիի մը ստեղծման գաղափարը եկած է օրակարգի վրայ։ Էրտողան յայտնած է, որ Թուրքիա որեւէ խնդիր չունի քիւրտերու հետ եւ իր նպատակն է պայքարիլ ՓՔՔ-ի Սուրիոյ ահաբեկչական շառաւիղներուն հետ, որոնք կը սպառնան իր ազգային անվտանգութեան։

Նախագահներու հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ Սպիտակ տան կողմէ ալ կատարուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Այս առթիւ նշուեցաւ, որ մինչ ամերիկեան զօրքերը սկսած են ետ քաշուիլ Սուրիայէն, երկու ղեկավարները կանգ առած են ներկայ եւ ապագայ համագործակցութեան հիմնական ուղղութեան վրայ։ Թրամփ նշած է ԱՄՆ-ի կողմէ ընծայուած կարեւորութիւնը, որպէսզի Թուրքիոյ կողմէ վատ վերաբերմունքի մը առարկայ չդառնան քիւրտերը եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը, որոնց հետ ԱՄՆ միասնաբար պատերազմեցաւ ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչկան կազմակերպութիւն) պարտութեան մատնելու համար։ Թրամփ յայտնած է, որ ԱՄՆ ըմբռնումով կը մօտենայ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի վերաբերեալ Թուրքիոյ անվտանգութեան մտահոգութիւններուն։ Ան համատեղ աշխատանքի պատրաստակամութիւն յայտնած է այդ բոլորին ընդառաջ երթալու համար։ Կողմերը պիտի շարունակեն խորհրդակցութիւնները եւ այս ամբողջին մէջ ԱՄՆ-ի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտ պիտի գայ Թուրքիա։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019