ԱԹԱԳԻՒՂԻ «ՄԵԾ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ»ԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳԸ՝ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ «ԼԷՅԼԱ ԿԵՆՃԷՐ» ՀԱՄԵՐԳԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կէնճէր» համերգասրահի երդիքին տակ անցեալ կիրակի երեկոյեան տեղի ունեցաւ շատ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Պաքըրգիւղի Երաժշտանոցի հիմնարկի հովանիին տակ գործող Աթագիւղի «Մեծ երգչախումբ»ը հանդէս եկաւ համերգով մը, որու գեղարուեստական ղեկավարն էր Չեթին Քէօրիւքճիւ։ «Մեր երաժշտութեան ուժը» կարգախօսով կազմակերպուած այս ձեռնարկի նպատակն էր ոգեկոչել այն ոչ-իսլամ յօրինողները, որոնք թրքական երաժշտութեան բերած են իրենց նպաստը։ Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած երեկոյթի հանդիսավարն էր Միւկէ Հալէ Չեթինթիւրք։ Երկու բաժիններէ բաղկացեալ յայտագրին մէջ տեղ տրուած էր ամբողջութեամբ հայ, յոյն կամ հրեայ երգահաններու ստեղծագործութիւններուն։ Երգչախումբին ընկերացաւ նաեւ նուագախումբ մը, որու կատարումներն ալ իսկապէս շատ յաջող էին։

Այս համերգին հրաւիրուած էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Գահակալութեան եւ անդրանիկ Ս. Պատարագի շաբաթավերջի արարողութիւններուն բերումով Նորին Ամենապատուութիւնը չէր կրցած ընդառաջել հրաւէրին։ Ուստի, երեկոյթի ընթացքին հրապարակուեցաւ Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ ուղարկուած պատգամը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 15, 2020