«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿՐՆԱՅ ԴԱՌՆԱԼ ԿՈՎԿԱՍԻ ԴԱՐՊԱՍԸ»

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ ներկայ շաբթուան սկիզբին տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին արձագանգները միշտ կը վերահաստատեն, թէ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը տարածքաշրջանային նոր իրողութիւն մը պիտի ստեղծէ։ Ռուսական լրատուամիջոցները այս կապակցութեամբ կը շարունակեն մանրամասնութիւններ հրապարակել՝ շեշտելով նաեւ, որ Մոսկուայի եռակողմանի վերջին բանակցութիւններու արդիւնքները Պաքուի եւ Երեւանի մէջ տրամագծօրէն հակառակ գնահատական ստացած են։ Այս ամբողջին մէջ «Քոմերսանտ» լրատուամիջոցը հրապարակած է փոխադրութեան միջանցքներու եւ երկաթուղիներու քարտէս մը, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Մոսկուայի, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։ Փութին, Փաշինեան եւ Ալիեւ արդէն համաձայնած են, որպէսզի փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ աշխատանքային խումբ մը ստեղծուի՝ զբաղելու համար տարածքաշրջանէ ներս բոլոր տնտեսական եւ փոխադրութեան միջոցներու ապաշրջափակումով։ Հայաստանի կողմէ այս ուղղութեամբ պաշտօնի կոչուած է փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան։ «Քոմերսանտի»ի կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւններուն մէջ յստակօրէն կ՚երեւի, որ Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան՝ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի վրայով երկաթուղի մը գործել պիտի սկսի։ Երկրորդ՝ Երեւանէն դէպի Սիւնիքի մարզ երկաթուղի մըն ալ պիտի գործարկուի եւ այդ մէկն ալ կ՚անցնի Նախիջեւանով։ Այս երկու երկաթուղիներն ալ Սովետական Միութեան շրջանին կ՚օգտագործուէին աշխոյժ ձեւով, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով դադրած էին օգտագործուելէ։ Այս փոխադրութեան ուղիներու խափանման պատճառով ժամանակին տուժած էր նաեւ Ռուսաստան։ Վրաց-աբխազական հակամարտութեան հետեւանքով ռուսական գնացքներու Վրաստան հասնիլը անհնար դարձած է։ Իսկ Հայաստան նոյն պատճառով կորսնցուց իր գլխաւոր դաշնակցին՝ Ռուսաստանի հետ ամենայուսալի ուղին։ Այս պայմաններուն ներքեւ Ռուսաստանի կապը խզուած է նաեւ Թուրքիոյ երկաթուղիներուն հետ։ Այժմ ստեղծուած հեռանկարներով այս համայնապատկերը էական փոփոխութեան կրնայ ենթարկուիլ։ Աւելի՛ն, Հայաստան Իրանի հետ ալ երկաթուղային կապին պիտի վերատիրանայ եւ այդ տնտեսական կապերու ընդլայնումը կրնայ լուրջ օգուտ ապահովել իրեն։ Հակամարտութեան հետեւանքով տասնամեակներէ ի վեր Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ երկաթուղային կապը խզուած էր, որովհետեւ երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունի միայն մէկ երկաթուղի՝ կառուցուած լեռնային հատուածներու մէջ։ «Քոմերսանտ»ի հետեւութիւններով, Մոսկուայի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը տեսականօրէն շահեկան է Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար։ Յամենայնդէպս, Փութինի տանտիրութեամբ տեղի ունեցած Մոսկուայի վերջին բանակցութիւններէն վերջ գործնականօրէն միայն Իլհամ Ալիեւ ինքզինք յաղթական զգաց։ Արդարեւ, իր խօսքին մէջ Նիկոլ Փաշինեան կեդրոնացաւ ոչ թէ ձեռքբերումներու, այլեւ՝ չլուծուած հարցերու վրայ, որոնք կը վերաբերին առաջին հերթին Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը քննարկելու շուրջ Պաքուի մօտ ցանկութեան բացակայութեան, ինչպէս նաեւ հայ ռազմագերիներու ճակատագրին։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտածողներու միութեան ղեկավար Ռաֆֆի Մխճեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտարարութիւններ ըրաւ ստեղծուած նոր հեռանկարներուն շուրջ։ Այսպէս, Հայաստան-Ատրպէյճան հաղորդակցութեան ուղիներու վերագործարկումով պիտի վերաբացուին ուղիղ հաղորդակցութիւնները դէպի Ռուսաստան եւ Իրան։ Յաջորդ քայլափոխին Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացումն ալ կը նախատեսուի։

«Մենք Հայաստանը պէտք է դարձնենք տարանցիկ ճանապարհ։ Տեսէ՛ք, այսօր առաջին հերթին ամենաարագ ձեւով տեղի պիտի ունենայ ինքնաշարժներու տարանցիկ ճանապարհի ձեւաւորումը։ Բեռնատարները, որոնք Թուրքիայէն դուրս կու գան եւ կ՚ուղղուին դէպի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) երկիրներ, հիմնականին դէպի Ռուսաստան, կ՚անցնին Վրաստանի ճանապարհով։ Ամէն ամիս տասնեակ հազարաւոր ինքնաշարժներ կ՚ուղղուին դէպի ԵԱՏՄ-ի տարածքը Վրաստանի ճանապարհով», ըսաւ Ռաֆֆի Մխճեան եւ աւելցուց, որ Հայաստան կրնայ դառնալ Կովկասի դարպասը։ Հաղորդակցութեան ուղիներու վերականգնումը եւ տարանցիկ երկիր դառնալը օգուտներ կրնան ապահովել Հայաստանի համար։ Յատկապէս երկաթուղային բեռնափոխադրումներու վերսկսումը շօշափելի աջակցութիւն պիտի ապահովէ Հայաստանի տնտեսութեան։ Արդարեւ, նախորդ երեսուն տարիներու ընթացքին համեմատաբար սուղ բեռնափոխադրումները միշտ մրցակցային դժուարութիւններ ստեղծած են Հայաստանի տեսակէտէ։

«Այսօր գոյութիւն ունին համաշխարհային լոժիստիք ընկերութիւններ, համաշխարհային ապահովագրական ընկերութիւններ։ Մենք կրնանք մեր բեռները ապահովագրել եւ առանց վախնալու Ատրպէյճանի միջոցաւ ուղարկել։ Ո՞ւր է խնդիրը։ Ես խնդիր չեմ տեսներ։ Եթէ մենք գրագէտ ձեւով, արհեստավարժ մարդոց միջոցաւ այս ամէն ինչը կազմակերպենք, շատ հանգիստ կրնանք անցնիլ։ Միթէ ուրիշ ինքնաշարժներ չե՞ն անցնիր այսօր Ատրպէյճանի միջոցաւ», եզրափակեց ան։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021