ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան յայտարարեց, որ եթէ Ատրպէյճան չի կարողանար կատարել գերիներու վերադարձի վերաբերեալ իր մարդասիրական պարտաւորութիւնը, ապա դժուար է ակնկալել, թէ միւս բոլոր խնդիրները կրնան լուծուիլ։ Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Արա Այվազեան յայտնեց, որ ներկայիս Երեւանի տեսակէտէ այս մէկը առաջնային խնդիր է։ Պէտք է հասկնալ, որ հարցը դիւրին չի լուծուիր։ «Կայ ըմբռնում, որ տարածքաշրջանէ ներս պէտք է հաստատուի խաղաղութիւն եւ զարգացում, սակայն, որպէսզի տեղի ունենայ այս բանը՝ անհրաժեշտ է վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելը», ըսաւ Արա Այվազեան։

Երէկ, նախարար Արա Այվազեան հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի անդամներուն հետ։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ Երեւան կը շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ բոլոր ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձը ապահովելու նպատակով։ Բաց աստի, ան յայտնեց, որ Արցախի կարգավիճակը եղած է ու կը մնայ հակամարտութեան կարգաւորման կարեւորագոյն սկզբունքը։ Այվազեանի խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն վերջ տուած 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութիւնը կարգաւորման փաստաթուղթ մը չէ։ Այդ մէկը հրադադարի փաստաթուղթ մըն է, որ կը ներառէ հիմնարար սկզբունքներէն մի քանին։ Բայց հակամարտութիւնը չի կրնար կարգաւորուած ըլլալ, որովհետեւ չեն իրականացուած բոլոր հիմնարար սկզբունքները՝ մասնաւորապէս ինքնորոշման եւ կարգաւորման հարցերը չեն լուծուած։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021