ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ)։ Երէկ, Ապու Տապիի օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ ԱՄԷ-ի Բնապահպանութեան ու կլիմայի փոփոխութիւններու նախարար Մարիամ էլ-Մուհէյրի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեանի շփումներու առանցքը կը կազմեն այլընտրանքային ուժանիւթի, թեքնոլոժիներու ոլորտէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ապու Տապիի մէջ կեցութեան ընթացքին Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ կ՚ունենայ ԱՄԷ-ի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։ Կը քննարկուին միջպետական համագործակցութեան զարգացման օրակարգին վերաբերեալ ընթացիկ ու հեռանկարային հարցեր։

Նախատեսուած է Արմէն Սարգսեանի այցը՝ «Մաստար» գիտաարդիւնաբերութեան կեդրոն։ Համանուն ընկերութիւնը սկսած է առաջին ներդրումային ծրագրերը իրականացնել Հայաստանի վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտին մէջ։ Այս ընկերութիւնը աշխարհի յառաջատարներու շարքին կը դասուի սոյն ոլորտի պարագային։

Շարժայի էմիրութեան ղեկավարութեան հետ Արմէն Սարգսեան կը քննարկէ օդագնացութեան, զբօսաշրջութեան բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան եւ ներդրումներու վերաբերեալ հարցեր։ «Շարժայի ժառանգութեան օրեր» տարեկան միջազգային մշակութային փառատօնի շրջանակին մէջ այս տարի Հայաստան կ՚ընդգրկուի պատուոյ հիւրի կարգավիճակով։ Այս մասնակցութիւնը բացառիկ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ՝ ներկայացնելու համար երկրի եւ հայ ժողովուրդի մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը։

Արմէն Սարգսեան մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ «Ապու Տապիի կայունութեան շաբաթ-2022» միջազգային հեղինակաւոր ֆորումին եւ անոր շրջանակէն ներս նախատեսուած համաժողովներուն։ 2008 թուականէն ի վեր կը կազմակերպուի այս ձեռնարկը։ Սա կլոպալ հարթակ մըն է, որ զանազան ձեռնարկներու եւ համաժողովներու շրջանակին մէջ կը հիւրընկալէ պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ, քաղաքական գործիչներ, փորձագէտներ, գիտնականներ, գործարարներ՝ կայուն զարգացման համաշխարհային մարտահրաւէրներն ու հրատապ խնդիրները քննարկելու նպատակով։

Նախագահ Սարգսեան որպէս գլխաւոր բանախօս հանդէս կու գայ «Ապու Տապիի կայունութեան շաբաթ-2022»ի շրջանակէն ներս նախատեսուած «Երիտասարդութիւնը յանուն կայունութեան» համաժողովին ժամանակ։ Բաց աստի, ան կը մասնակցի կայունութեան, բնապահպանութեան, վերականգնուող ուժանիւթի խնդիրներուն եւ անոնց կանանց ներգրաւուածութեան վերաբերեալ թեմաթիք քննարկումներուն։

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022