ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ ոգեկոչման երեկոյթ մը, որ ձօնուած էր մօտաւոր անցեալին մահացած հրապարակագիր եւ իրաւաբան Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի յիշատակին։ Լիբանանահայ Գրական շրջանակի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու յայտագրի գործադրումը սկսաւ Անի Քեսթենեան-Պասեթի ողջոյնի խօսքով։ Հիւրընկալ համալսարանի նախագահը՝ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեանն ալ խօսեցաւ վերյիշեալի կեանքին ու գործունէութեան շուրջ՝ մասնաւորապէս շեշտելով հայկական ինքնութեան նկատմամբ անոր ներդրած ջանքերը։

Լիբանանի համալսարանի միջազգային իրաւունքի դասախօսներէն տքթ. Հասան Ժունի ելոյթով մը հանդէս եկաւ յանուն Դեմոկրատ իրաւաբաններու համաշխարհային լիկայի գործադիր մարմնի։

Յաջորդաբար արտայայտուեցան հրապարակագիր ու կրթական մշակ Պարոյր Աղպաշեան, բանաստեղծ Համբիկ Մարտիրոսեան, որոնք եւս վեր առին նաեւ անոր կեանքն ու գործունէութիւնը։

Ոգեկոչման այս ձեռնարկին առթիւ հրապարակուած էր նաեւ գրքոյկ մը։

Շաբաթ, Յունուար 15, 2022