ԵՐԵՔ ՀՈԳԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ՅԱԿՈԲ ՏԵՄԻՐՃԻԻ ԳՈՐԾՈՎ

Էլ­մա­տա­ղի բնա­կա­րա­նին մէջ սահմռ­կե­ցու­ցիչ յար­ձակ­ման են­թար­կուած Տե­միր­ճի ըն­տա­նի­քի դէպ­քին վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել օ­րա­կար­գը։ Ծա­նօթ է, որ կազ­մա­կեր­պեալ կո­ղո­պու­տի մը հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցած էր Յա­կոբ Տե­միր­ճի, իսկ իր կո­ղա­կի­ցը՝ Սե­դա Այ­տա Տե­միր­ճի վի­րա­ւո­րուած։

Այս դէպ­քին շրջագ­ծով ար­դէն դա­տա­րան ու­ղար­կուած է տասն­հինգ կաս­կա­ծեալ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րեք հո­գի ձեր­բա­կա­լուած է։ Տաս­ներ­կու հո­գին ա­զատ ար­ձա­կուած է՝ վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ մնա­լու պայ­մա­նով։

Հարկ է նշել, որ տասն­հինգ կաս­կա­ծեալ­նե­րուն տաս­ներ­կու­քը կա­նայք են։

Հա­յաս­տա­նի լ­րա­տուա­մի­ջոց­ներն ալ կ՚անդ­րա­դառ­նան վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ծա­նօթ է, որ կաս­կա­ծեալ­նե­րուն կա­րե­ւոր մէկ մա­սը Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի է, հե­տե­ւա­բար հան­րա­յին կար­ծի­քը ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւի ի­րա­դար­ձու­թեան։ Կը մատ­նան­շուի, որ ե­րեք ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի­ներ են։ Ա­նոնք կը կո­չուին Ար­թուր Ա., Ա­րամ Է. եւ Սէր­կէյ Բ.։

Ներ­կայ պայ­ման­նե­րով բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը յստա­կա­ցած չեն Յա­կոբ Տե­միր­ճիի մա­հուան դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն շուրջ։ Կը մատ­նան­շուի, որ յստակ պատ­ճա­ռը կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ գիտ­նալ դա­տաբժշ­կա­կան քննու­թե­նէն վերջ, իսկ այդ գոր­ծըն­թա­ցը կրնայ տե­ւել շուրջ մէ­կու­կէս ա­միս։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016