ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՄԻՒՆԻԽ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Գեր­մա­նիա, ուր պի­տի մաս­նակ­ցի Միւ­նի­խի անվ­տան­գու­թեան հա­մա­ժո­ղո­վին։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­տե­սուած է նաեւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հան­դի­պու­մը ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ՝ քննար­կե­լու հա­մար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին եւ հե­ռան­կար­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Միւ­նի­խի մէջ նա­խա­տե­սուած են նաեւ նա­խարար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի այլ շարք մը երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան 21-22 Փե-տըրւա­րին ալ պի­տի այ­ցե­լէ Մոս­կուա, ուր հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նայ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին պի­տի քննար­կուին երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան ար­դի խնդիր­ներ՝ նե­րա­ռեալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը։ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա յայտ­նեց, որ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը հայ-ռու­սա­կան յա­գե­ցած երկ­խօ­սու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը պի­տի հան­դի­սա­նայ։ Այդ երկ­խօ­սու­թիւ­նը մի­տուած է քա­ղա­քա­կան, ա­ռեւտ­րա­կան ու մար­դա­սի­րա­կան ո­լորտ­նե­րէ ներս եր­կու եր­կիր­նե­րու դաշ­նակ­ցա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման։ Ռուս բան­բե­րին խօս­քե­րով, յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն պի­տի

ցու­ցա­բե­րուի ընդ­հա­նուր հա­մարկ­ման միու­թիւն­նե­րէն եւ այլ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2017