ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՔԱՏԻՐ ԹՈՓՊԱՇԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Իսթանպուլի նախկին գլխաւոր քաղաքապետներէն Քատիր Թոփպաշ շաբաթավերջին մահացաւ յետերկարատեւ հիւանդութեան։ Իր յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Նախկին քաղաքապետին կորուստը լայն արձագանգ ստեղծեց հանրային կարծիքին մօտ։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախկին քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշի մահուան առթիւ ցաւակցութիւն յայտնեց պետական աւագանիին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին այս կապակցութեամբ ուղարկեց ցաւակցական մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն առթիւ վշտակցութիւն յայտնեց նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին եւ նորոգ հանգուցեալ Քատիր Թոփպաշի այրիին՝ Էօզլէյիշ Թոփպաշին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ցաւակցականներուն մէջ մատնանշուեցաւ Քատիր Թոփպաշի կողմէ պաշտօնավարութեան տարիներուն Պատրիարքական Աթոռին եւ թրքահայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած դրական վերաբերմունքը։ Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան եւ հայ համայնքին անունով վշտակցութիւններ յայտնեց Քատիր Թոփպաշի կորուստին առթիւ։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2021