ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿԻ ՎՐԱՅ

Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէին եւ «UNESCO World Heritage Review»ի համագործակցութեամբ երկրի շարք մը տեսարժան վայրերը հասանելի դարձած են կարեւոր առցանց հարթակներու վրայ։ Այսպէս, «Google Arts and Culture» յայտնի հարթակին վրայ ստեղծուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ընդգրկուած Հայաստանի երեք մշակութային արժէքներէն մէկուն ցուցադրութիւնը։ «Էջմիածնի Մայր տաճար եւ եկեղեցիներ (Ս. Հռիփսիմէ, Ս. Գայիանէ, Ս. Շողակաթ) եւ Զուարթնոցի տաճարի հնավայր» կը կոչուի ցանկին վրայ՝ որպէս մէկ միաւոր ընդունուած այդ բարձր ճարտարապետական նշանակութեամբ արժէքը։ 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ընդգրկուած Հայաստանի միւս արժէքներն ալ շուտով տեղ պիտի գտնեն առցանց հարթակի վրայ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022