ԵՄ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Հարաւային Կովկասէ ներս ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կայունութեան ապահովման ուղղեալ քայլերուն։ Կարծիքներ փոխանակուեցան վերջին շրջանին երկիրներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած շփումներուն ժամանակ գոյացած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման շուրջ։ Կարեւորուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութեան եւ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու մուտքի ապահովումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի։ Ընդգծուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի տեղական կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ խաղաղ գործընթացի լիարժէք գործարկման եւ համանախագահներու գործունէութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։

Փաշինեան եւ Քլաար քննարկեցին նաեւ ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանի համար նախատեսուած 2.6 միլիառ եւրօ ներդրումային ծրարի իրականացման ուղղութեամբ աշխատանքներու ընթացքին վերաբերեալ հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ ձեւով կարեւորուեցաւ Սիւնիքի մարզէն ներս 80 միլիոն եւրօ արժողութեամբ ծրարի մը արդիւնաւէտ ձեւով կեանքի կոչուիլը։

Սուրէն Պապիկեանի հետ զրուցելու ընթացքին Թոյվօ Քլաար դիտել տուաւ, որ Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ աշխատանք տանիլ Ատրպէյճանէ ներս գտնուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022