ՋԵՐՄ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Ապու Տապիի մէջ ջերմ մթնոլորտով եւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գահաժառանգ Շէյխ Մուհամմէտ պին Զաիտ էլ Նահիանի կողմէ։ Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն վերջ առանձնազրոյց մը տեղի ունեցաւ նախագահին եւ գահաժառանգին միջեւ, որոնք աւելի վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

Անգարա-Ապու Տապի առանցքին վրայ վերջին շրջանին ապահովուած բնականոնացման մթնոլորտին մէջ, երէկ, կողմերու միջեւ ստորագրուեցաւ 13 նոր համաձայնագիր։ Երկու երկիրները որոշած են նաեւ համագործակցիլ մետիայի եւ հաղորդակցութեան բնագաւառէն ներս։ Էլ Նահիան երէկ երեկոյեան ընթրիքի սեղան մըն ալ սարքեց ի պատիւ Էրտողանին, որ վերջին անգամ 2013 թուականին այցելած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։

Հանրապետութեան նախագահը այսօր ալ կ՚այցելէ Տուպայիի «Էքսփօ-2020» համաշխարհային տօնավաճառը, ուր Թրքական ազգային օրուան բացումը կը կատարէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022