ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԵՏ ՇՓՈՒՄ

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի հետ։ Ըստ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեանի կողմէ հրապարակուած մանրամասնութիւններուն, զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Կողմերը յոյս յայտնեցին, որ յատուկ ներկայացուցիչներու՝ փետրուարի 24-ին, Վիեննայի մէջ նախատեսուած երկրորդ հանդիպումը կ՚ըլլայ արդիւնաւէտ։

Մինչ այդ, երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման արդիական հարցերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային բնոյթով խնդիրներ։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան եւ յառաջիկայ ամիսներուն սպասուող միջոցառումներու շուրջ։ Մինչ այդ, երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի վարչապետներուն միջեւ։

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաու այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր բանակցութիւններ կը վարէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդած են, որ քննարկման նիւթ կը դառնան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը եւ Անդրկովկասի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022