ԻԿՈՐ ԽՈՎԱԵՒ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովաեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին ան այցելած էր նաեւ Երեւան։ Իկոր Խովաեւ, միեւնոյն ժամանակ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յատուկ ներկայացուցիչն է՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցութեան գծով։ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները երէկուան զրոյցի բովանդակութեան կապակցութեամբ որեւէ մանրամասնութիւն չհաղորդեցին։ Ռուս դիւանագէտը հիւրընկալելու ժամանակ Ալիեւի կողքին էին Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու գծով վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ։

Աւելի ուշ, Ատրպէյճանի կարգ մը լրատուամիջոցներու հրապարակումներուն մէջ մանրամասնութիւններ հաղորդուեցան զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։ Այսպէս, Իկոր Խովաեւ Իլհամ Ալիեւին տեղեկացուց տարածաշրջան կատարած իր այցելութիւնը, Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման բանակցային գործընթացին աջակցելու նպատակով Մոսկուայի կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն մասին։

Իկոր Խովաեւի տարածաշրջանային այցելութիւնը կը համընկնի Արցախի պաշարման՝ մինչ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումը արդէն աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր կը շարունակուի։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Խովաեւի Պաքու այցելութեան զուգահեռ՝ երէկ, հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու ղեկավարները քննարկած են Հարաւային Կովկասի ընթացիկ իրավիճակը։ Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, անոնք կարեւորեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման նպատակով հետեւողական քայլերը։ Այս ամբողջին մէջ վերահաստատուեցաւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բարձր մակարդակի վրայ համապատասխան համաձայնութիւններու ամբողջ համալիրի անվերապահօրէն իրականացման տրամադրութիւնը։ Փութին եւ Ալիեւ քննարկեցին նաեւ առեւտրատնտեսական գործակցութեան ապագայ զարգացման հեռանկարները՝ ներառեալ ուժանիւթի եւ փոխադրութեան ոլորտներէ ներս համատեղ ծրագրերու իրականացումը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2023