ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՀԷՆԸ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհէնը։ Կը հաղորդուի, որ հիւր նախարարին այցելութիւնը ունէր զօրակցութեան բնոյթ՝ երկիրը ցնցած սարսափելի երկրաշարժի հետեւանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Այս առթիւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու յիշեցուց, որ Իսրայէլ Թուրքիոյ օժանդակութեան հասած առաջին երկիրներէն մին եղած էր եւ այս կապակցութեամբ արտայայտեց իր երախտագիտութիւնը։
Կը հաղորդուի, որ երէկուան հանդիպման ընթացքին նախարարները քննարկած են երկկողմանի քաղաքական եւ տնտեսական համագործակցութեան ապագայ ամրապնդման վերաբերեալ հարցեր։
Իր կարգին, Էլի Քոհէն ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ երէկուան հանդիպման կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, Թուրքիա շահագրգռուած է Իսրայէլի հետ կապերու ամրապնդմամբ, իսկ իրենք երէկ խօսած են քաղաքական եւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ Իրանի միջուկային զէնք ստանալու գործին մէջ խոչընդոտներ ստեղծելու կարեւորութեան մասին։ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու ջերմացումը ռազմավարական հետաքրքրութեան առարկայ է։ «Սա կ՚ամրապնդէ Իսրայէլի դիրքերը եւ կը նպաստէ տարածաշրջանի կայունութեան», նշեց Քոհէն։