ԱԼԻԵՒԻ ԿՈՂՄԷ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­սօր միօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տար Պա­քու, ուր պի­տի հիւ­րըն­կա­լուէր Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րուն գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի պի­տի ու­նե­նար Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան Բարձր մա­կար­դա­կով ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դին հին­գե­րորդ ժո­ղո­վը։ Ըստ Ան­գա­րա­յէ հա­սած լու­րե­րուն, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գա­յին TANAP ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չե­լու ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րուն թափ տրուի­լը։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ 2018 թուա­կա­նին այս նա­խա­գի­ծը ար­դէն հա­սած ըլ­լայ իր ա­ւար­տին։ Հարկ է նշել, որ այս ժո­ղո­վը տե­ղի պի­տի ու­նե­նար շուրջ ա­միս մը ա­ռաջ, սա­կայն Էր­տո­ղան Պա­քու չէր կրցած մեկ­նիլ այդ օ­րե­րուն Ան­գա­րա­յի մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ճշդուած նոր թուա­կա­նին ալ մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ պա­տա­հե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան նոր յար­ձա­կում մը, Իլ­համ Ա­լիեւ ա­ռա­ջար­կած է, որ վե­րո­յի­շեալ խոր­հուր­դի հին­գե­րորդ ժո­ղո­վին վայ­րը են­թար­կուի փո­փո­խու­թեան։ Ան ա­ռա­ջար­կած է ժո­ղո­վը ի­րա­կա­նաց­նել Պա­քուի փո­խա­րէն Ան­գա­րա­յի մէջ ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է այ­ցե­լել Ան­գա­րա՝ որ­պէս զօ­րակ­ցու­թեան շօ­շա­փե­լի դրսե­ւո­րում ի նպաստ Թուր­քիոյ, որ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քար կը մղէ։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան ըն­դու­նած է Ա­լիե­ւի կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած այս ա­ռա­ջար­կը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած՝ շար­ժոյ­թին հա­մար։

Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ ժամը 10.00-ին հասաւ Անգարա, ուր Էսէնպողայի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Փոխ-վարչապետ Եալչըն Աքտողանի կողմէ։ Ան աւելի վերջ առաջնորդուեցաւ Պէշթէփէ, ուր նախագահական պալատէն ներս Էրտողան զինուորական արարողութիւնով դիմաւորեց զինքը։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016