ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՈՐՈՇՈՒՄ
Մերձաւոր Արեւելքի անակնկալ իրադարձութիւններու մթնոլոտին մէջ, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրահանգով տեղի կ՚ունենայ Սուրիոյ ճգնաժամին տեսակէտէ ճակատագրական զարգացում մը։ Փութինի անակնկալ հրահանգով այս առաւօտեան դրութեամբ Ռուսաստանի զօրքերը սկսան աստիճանաբար հեռանալ Սուրիայէն։ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռատեսիլէն ուղիղ եթերով տեսասփռուած խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի եւ Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկուի հետ։ Այս առթիւ հրապարակուեցաւ, թէ ռուսական բանակին առաքելութիւնը աւարտած է Սուրիայէ ներս եւ կարելի է ետ կանչել զօրքերը։
Միջազգային աղբիւրները իսկապէս անակնկալ կը համարեն այս որոշումը, որ կը զուգադիպի Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման ուղղուած Ժընեւի բանակցութիւններու վերսկսման։ Վերջին շրջաններուն Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ Սուրիոյ մէջ հաստատուած է հրադադար մը, որու արդիւնքները կը համարուին յարաբերաբար դրական։ Ուրեմն, այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ ռուսական զօրքերը սկսած են հրաժեշտ տալ Սուրիոյ, թէեւ անոնք ամբողջութեամբ պիտի չպարպեն Լասքիէի եւ Թարթուսի ռազմախարիսխները։
Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Փութին այս որոշումը առած է Դամասկոսի եւ Ուաշինկթընի հետ խորհրդակցաբար։ Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ ռուս ղեկավարը զօրքերը ետ կանչելու որոշումէն առաջ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի հետ։ Փութին ռուսական զօրքերը ետ կանչելու նիւթին շուրջ հեռաձայնով տեղեկութիւն փոխանցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամային։ Սուրիոյ ղեկավարութիւնը տեղեկացուց, թէ Ռուսաստանի հետ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շուրջ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի։
Ռուս քաղաքական մեկնաբաններ պնդած են, որ եթէ Փութին զօրքերը ետ չկանչէր Սուրիայէն, ապա Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա միասնաբար պիտի ջանային մուտք գործել այնտեղ։ Ռուսաստանի այս քայլով կանխուած է Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ Սուրիա մուտք գործելու հաւանականութիւնը։