ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉԻ ՏԵՍՆԵՐ ԽԱՂԱՂ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան շա­բա­թա­վեր­ջին Վիեն­նա­յի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ԵԺԿ) ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման։ Աւստ­րիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սե­պաս­տիան Քուր­ցի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած էր այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան ԵԺԿ-ի նա­խա­գահ Ժո­զէֆ Տոլ, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կո­մի­տէի նա­խա­գահ Էլ­մար Պրոք, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի ընդ­լայն­ման ու հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գծով յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս Հան, տաս­ներ­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներ եւ ԵԺԿ-ի այլ բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով կազ­մա­կեր­պուած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ա­հաբեկ­չու­թեան եւ ծայ­րա­յե­ղու­թեան դէմ պայ­քա­րի, գաղ­թի վե­րա­բե­րեալ խնդիր­ներ։ Քննար­կում­ներ ծա­ւա­լուե­ցան Ա­րեւմ­տեան Պալ­քան­նե­րու եւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սէ ներս առ­կայ հար­ցե­րուն եւ ա­նոնց լուծ­ման ու­ղի­նե­րուն, ԵՄ-ի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ։

Քննար­կում­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։ Անդ­րա­դառ­նա­լով գաղ­թա­կա­նաց հոս­քին՝ ան ը­սաւ. «Հա­յաս­տան ա­պաս­տան տուած է Սու­րիա­յէն ժա­մա­նած շուրջ 20 հա­զար փախս­տա­կան­նե­րու՝ այս­պէ­սով հան­դի­սա­նա­լով բնակ­չու­թեան թի­ւի յա­րա­բե­րակ­ցու­թեամբ Սու­րիա­յէն փախս­տա­կան­ներ ըն­դու­նած եր­րորդ պե­տու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­յի մէջ»։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Նալ­պան­տեան շեշ­տեց, որ գաղ­թի հետ կա­պուած խնդիր­նե­րու լու­ծում­նե­րը փնտռե­լու ժա­մա­նակ ա­ռա­ջին հեր­թին հար­կա­ւոր է անդ­րա­դառ­նալ ա­նոնց պատ­ճառ­նե­րուն։ Այս ա­ռու­մով ան կա­րե­ւո­րեց ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ միաս­նա­կան պայ­քա­րը, Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի քա­ղա­քա­կան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ Ան կա­րե­ւո­րեց նոր ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թի մշակ­ման շուրջ սկսած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ ընդգ­ծեց, որ նոր հա­մա­ձայ­նա­գի­րը պի­տի ցո­լաց­նէ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րու­թիւ­նը եւ ար­ձա­նագ­րուած ար­դիւնք­նե­րը։

Վիեն­նա­յի հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ ի գործ դրուած ջան­քե­րը։ Ան ընդգ­ծեց, թէ այս հիմ­նա­հար­ցի խա­ղաղ հան­գու­ցա­լու­ծու­մը այ­լընտ­րանք չու­նի։  

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016