ՄԷԿ ՍԻՐՏ, ՄԷԿ ՀՈԳԻ

Թուր­քիա շա­բա­թա­վեր­ջին Ան­գա­րա­յի մէջ պա­տա­հած ա­հա­ւոր պայ­թու­մին պատ­ճա­ռած ցնցման ազ­դե­ցու­թիւ­նը կ՚ապ­րի այս օ­րե­րուն։ Հա­րուա­ծի մե­ծու­թեան հա­մա­հունչ բո­ղոք մը, ցա­սում մը ստեղ­ծուած է ժո­ղո­վուր­դին մօտ։ Հան­րա­յին կար­ծի­քը հեր­թա­կան ան­գամ կը դրսե­ւո­րէ ա­մուր գի­տակ­ցու­թիւն եւ միաս­նա­կա­նու­թիւն կը պահ­պա­նէ՝ այս դժուա­րին կա­ցու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու, երկ­րին առ­ջեւ ծա­ռա­ցած ա­հա­բեկ­չու­թեան փա­կու­ղիէն դուրս գա­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր խա­ւե­րը կ՚ա­նի­ծեն տմար­դի ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը եւ ան­կեղ­ծօ­րէն կը բաժ­նեն ցա­ւը բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րը զոհ տուած են այս յար­ձակ­ման։ Մինչ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նկատ­մամբ կը ցու­ցա­բե­րուի եր­կիւ­ղած յար­գանք, հան­րա­յին կար­ծի­քը վի­րա­ւո­րեալ­նե­րու դար­ման­ման ըն­թաց­քին ալ կը հե­տե­ւի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ։

Թէ՛ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն եւ թէ քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րէն այս օ­րե­րուն կը փո­խան­ցուին պատ­գամ­ներ, ո­րոնք կ՚ե­րաշ­խա­ւո­րեն միաս­նա­կա­նու­թեան ձգտում­նե­րը ու վճռա­կա­մու­թիւն կը նա­խա­տե­սեն՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին շրջագ­ծով։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ ու­նե­ցան հան­դի­պում մը, որ տե­ւեց շուրջ 50 վայր­կեան։ Պէշ­թէ­փէի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ զրոյ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին նա­խա­գահն ու վար­չա­պե­տը անդ­րա­դար­ձան Ան­գա­րա­յի մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման։ Ե­րէկ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Տա­վու­տօղ­լու այ­ցե­լեց նաեւ վի­րա­ւո­րեալ­նե­րուն, ո­րոնք կը դար­մա­նուին հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ։

Քը­զը­լա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան բռնա­րար­քէն վերջ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան հան­դէս ե­կաւ խիստ հա­կազ­դե­ցու­թեամբ ու պա­հան­ջեց, որ Քրէա­կան օ­րէնս­գիր­քը են­թար­կուի փո­փո­խու­թեան։ Իր հա­մոզ­մամբ, ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ ա­հա­բե­կի­չի հաս­կա­ցու­թիւն­նե­րը պէտք է վե­րա­սահ­մա­նուին։ Նա­խա­գա­հին խօս­քե­րով, կո­րուստ­նե­րուն պատ­ճա­ռած ցա­ւը զգա­լու ժա­մա­նակ պէտք է յար­գել նաեւ գի­տակ­ցու­թիւ­նը՝ կեն­դա­նի մնա­ցած­նե­րուն նկատ­մամբ։ Էր­տո­ղան ընդգ­ծեց, թէ միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը պի­տի տե­ւա­կա­նա­ցուի եւ Թուր­քիա նոյն վճռա­կա­մու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կէ իր եր­թը։

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն ալ ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, թէ այս յար­ձակ­ման հիմ­քը ճշդուած է յստակ ձե­ւով։ «Այս ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման թի­րա­խը ե­ղած է մեր ամ­բողջ ազ­գը», ը­սաւ վար­չա­պե­տը եւ ա­ւել­ցուց, թէ այդ յար­ձա­կում­նե­րը բա­ցար­ձա­կա­պէս պի­տի չկա­րե­նան հաս­նիլ ի­րենց նպա­տա­կին։ Տա­վու­տօղ­լու ընդգ­ծեց, թէ ա­հա­բեկ­չա­կան լծակ­նե­րը ինչ որ ալ ը­նեն, ա­պա ի­րենց կամ­քը պի­տի մնայ ան­կոտ­րուն։ Կա­տա­րուած ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րուն մա­սին ալ խօ­սե­լէ վերջ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու շեշ­տեց, թէ այս հանգ­րուա­նը լուրջ փոր­ձա­քար մը կը հա­մա­րուի նաեւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Վար­չա­պե­տը յոյս յայտ­նեց, թէ բո­լոր քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յա­ջո­ղին հա­սա­րա­կաց դիր­քո­րո­շում մը որ­դեգ­րել։

Իր կար­գին, Փոխ-վար­չա­պետ Նու­ման Քուր­թուլ­մուշն ալ ե­րէկ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ, ուր Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դը ժո­ղով մը գու­մա­րեց վար­չա­պե­տին գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Քուր­թուլ­մուշ յայտ­նեց, թէ այս յար­ձա­կու­մը մեր երկ­րի միու­թեան դէմ կա­տա­րուած դա­ւադ­րու­թիւն մըն է։ Այդ յար­ձա­կու­մը գոր­ծուած է մեր եղ­բայ­րու­թեան եւ մեր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան դէմ։

Ընդ­դի­մա­դիր ղե­կա­վար­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներն ալ ընդ­հան­րա­պէս հա­մա­հունչ էին ստեղ­ծուած ծանր ի­րա­վի­ճա­կին։ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու յայ­տա­րա­րեց, թէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պէտք է որ­դեգ­րեն հա­սա­րա­կաց եւ յստակ դիր­քո­րո­շում մը։ «Ա­հա­բեկ­չու­թեան վերջ տա­լու հա­մար մեզ­մէ ինչ որ կը պա­հան­ջէք՝ մենք պատ­րաստ ենք ա­մէն տե­սակ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րե­լու։ Այն ինչ որ կը վի­ճա­կի մե­զի, մենք պատ­րաստ ենք ը­նե­լու», ը­սաւ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը յան­ցա­գոր­ծու­թիւն մըն է մարդ­կու­թեան դէմ։

ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լին ալ ե­րէկ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ։ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պե­տը այս առ­թիւ ընդգ­ծեց, թէ Թուր­քիոյ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­հա­զան­գա­յին վի­ճակ մը կը պար­զէ։ Ըստ ի­րեն, երկ­րի մեծ քա­ղաք­նե­րէն ներս անվ­տանգ շրջան­ներ պէտք է ստեղ­ծուին, իսկ հա­րաւ-ա­րե­ւել­քի մէջ պէտք է ար­տա­կարգ վի­ճակ հռչա­կել այն քա­ղաք­նե­րէն ներս, ուր ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կ՚ըն­թա­նան։

Տե­ղա­կան մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, Ան­գա­րա­յի պայ­թու­մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած կեն­դա­նի ռում­բը կը կո­չուի 24-ա­մեայ Սե­հէր Չաղ­լա Տե­միր, որ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րէն է։ Իր հետ գտնուած է նաեւ ու­րիշ ա­հա­բե­կիչ մը, որ ե­ղած է 26-ա­մեայ այր մը։

Ան­գա­րա­յի ա­հա­ւոր ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը լայն ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ հա­մաշ­խար­հա­յին զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։

Ե­ՐԵ­ՒԱ­ՆԷՆ ԱՐ­ՁԱ­ԳԱՆԳ

Միւս կող­մէ, Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ Ան­գա­րա­յին ցա­ւակ­ցե­ցաւ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Տիգ­րան Բա­լա­յեան տե­ղե­կա­ցուց, որ կը սգան զո­հե­րը։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016