ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍ

Փոր­թու­գա­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պա­տուոյ հիւ­պա­տոս մը նշա­նա­կած է Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Այս­պէս, դես­պան Մա­րիօ Կու­տի­նիօ տէ Մար­թո­սի մի­ջո­ցաւ պա­տուոյ հիւ­պա­տոս նշա­նա­կուած է Սա­մուէլ Սա­մուէ­լեան։

Հարկ է նշել, որ Սա­մուէլ Սա­մուէ­լեան Սփիւռ­քէն Հա­յաս­տան մեկ­նած ե­րի­տա­սարդ գոր­ծա­րար մըն է եւ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին իր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ի սպաս պի­տի դնէ նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Փոր­թու­գա­լի կա­պե­րու զար­գաց­ման նպաս­տե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016