ՍԻՐԱՆ ՍՈՒՐՔԻ ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ խորհրդական նշանակած է մեր համայնքէն Սիրան Սուրքին։ Յառաջիկայ շրջանին Սիրան Սուրքի քաղաքապետարանէն ներս պիտի պաշտօնավարէ փոքրամասնութիւններուն գծով եւ քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւին հետ պիտի աշխատի՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն վերաբերեալ կարգադրութիւններու շուրջ։
Ծանօթ է, որ Շիշլի գաւառակէն ներս բնակչութեան մէջ լուրջ տոկոս մը կը կազմեն փոքրամասնութիւնները։ Գաւառակի բազմամշակոյթ մթնոլորտին մէջ քաղաքապետարանը համայնքներուն ուղղեալ բազմաբնոյթ աշխատանք կը տանի։ Մեր համայնքային հաստատութիւններուն եւ Շիշլիի քաղաքապետարանին միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած է սերտ համագործակցութիւն եւ ներկայիս Սիրան Սուրքի կը պատրաստուի այդ նախընթացներուն հիման վրայ շարունակել աշխատանքը։