VADİP ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԴՌՆՓԱԿ ԺՈՂՈՎ ՄԸ
Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան դռնփակ ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ։ Նիստը գլխաւորեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Ըստ VADİP-ի համակարգման խորհուրդի դիւանէն մեր ստացած տեղեկութիւններուն, ժողովը դռնփակ գումարուած է՝ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսկէնտէր Շահինկէօզի փափաքով։
Օրակարգային քննարկումներուն անցնելէ առաջ ժողովականները միջոց մը լսած են Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեանը, որ իրենց տեղեկութիւններ փոխանցած է մօտալուտ յոբելենական հանդիսութիւններուն շուրջ։
Ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են՝ Փոխ-վարչապետ Եալչըն Աքտողանի եւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ներկայացուցիչներուն միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւնները։ Կը տեղեկանանք, որ այս առանցքին շուրջ քննարկուած է նաեւ փոքրամասնութեանց վաքըֆներուն ընտրութեան հարցը։ Որոշուած է, որ թրքահայ վաքըֆներու վերաբերմունքը եւ ընտրական դրութեան վերաբերեալ հեռանկարները յստակացնելու առաջադրութեամբ կազմակերպել լայնախարիսխ աշխատաժողով մը։ Այս գործին պատասխանատուութիւնը յանձնուած է Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Տոց. Թորոս Ալճանին։ Այս նիւթին վերաբերեալ մասնագէտներու ալ կարծիքը պիտի շօշափուի։ Ինչպէս միջոց մը առաջ հաղորդած էինք, փոքրամասնութեանց հաստատութիւնները չունին vakfiye-ներ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ անոնց ենթարկուած խնդիրներուն ու պղտորութիւններուն։ Ներկայիս հետապնդուած նպատակներէն մին է այդ էական պակասին փոխարինուիլը։
VADİP-ի ժողովին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ մեր համայնքային վարժարաններու տնտեսական ձեռնարկ (İktisadi işletme) դասուելու հարցին, որ միջոցէ մը ի վեր կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Քննարկուած են այս հարցի յաղթարահման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքները։
Միւս կողմէ, VADİP-ի ժողովին ընթացքին Իսկէնտէր Շահինկէօզ անդրադարձած է Օրթագիւղի թաղային խորհուրդին կողմէ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան ի նպաստ կատարուած օժանդակութեան վերաբերեալ լսումներուն, այս կապակցութեամբ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին կողմէ կատարուած հրապարակումներուն եւ ի վերջոյ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդին եւ թերթիս խմբագրութեան միջեւ ծագած բանավէճին։ Որպէս պաշտօնական բացատրութիւն՝ VADİP-ի համակարգման խորհուրդի դիւանին կողմէ այս առաւօտ խմբագրութեանս տեղեկացուեցաւ, թէ Իսկէնտէր Շահինկէօզի կողմէ փոխանցուածները ընկալուած են իբրեւ անձնական, մասնակի գանգատ։