ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան դէպի Մոսկուա պաշտօնական այցելութեան շրջագծով այսօր կը տեսակցի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քրեմլինի պալատին մէջ նախատեսուած է անոնց գագաթաժողովը, որու օրակարգի հիմնական նիւթն է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի ներկայ վիճակը։ Ծանօթ է, որ Ռուսաստան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներէն մին է։ Հարկ է նշել, որ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ ներկայիս պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի այլ եռանախագահ երկրի մը մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ։ Էլիզէի պալատէն ներս ալ նախատեսուած է Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի տեսակցութիւնը Ալիեւի հետ։ Այսինքն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները նոյնաժամանակ կը տեսակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներէն երկուքի ղեկավարներուն հետ։ Մոսկուայի եւ Փարիզի մէջ կարեւոր քննարկումներ կը ծաւալուին ղարաբաղեան հարցին շուրջ, մինչ ամսավերջին ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին այցելել Հայաստան եւ Արցախ։
Դէպի Մոսկուա պաշտօնական այցելութեան առաջին օրը Սերժ Սարգսեան մասնաւոր արարողակարգով դիմաւորուեցաւ Մոսկուայի «Վնուքովօ» օդակայանին մէջ։ Օրուան տեւողութեան ան այցելեց Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառը։ Այս հեղինակաւոր բարձրագոյն ուսման հաստատութենէն ներս պատուակալ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ Սերժ Սարգսեանին։ Համալսարանի երդիքին տակ Սերժ Սարգսեան ունեցաւ ծաւալուն ելոյթ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան վերաբերեալ բազում հանգամանքներուն։ Օրուան աւարտին ալ, Մոսկուայի հայկական դեսպանատան մէջ Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ տեղւոյն հայազգի բժիշկներուն եւ ուսանողներուն հետ։
Փութինի հետ հանդիպելու ընդառաջ Սերժ Սարգսեան երէկ կարեւոր պատգամներ տուաւ համալսարանին մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին։ Իր խօսքերով, անվտանգութեան հարցերը կը շարունակեն մնալ խիստ արդիական Հայաստանի համար։ Ան ըսաւ.
«Մինչեւ 2016 թուականը մեր գործընկերները մեզ կը համոզէին, թէ պատերազմական քարոզչութիւն եւ հակահայկական հիսթերի ծաւալելով՝ Պաքու կը լուծէ իր ներքին քաղաքական խնդիրները։ 2016 թուականի Ապրիլին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած քառօրեայ ռազմական արկածախնդրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ՝ դարձաւ Պաքուի այդ իսկ ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ քաղաքականութեան մարմնաւորումը՝ ի հակադրութիւն իր հողին վրայ սեփական ճակատագիրը ազատ տնօրինելու Արցախի ժողովուրդի ցանկութեան։ Ապրիլեան պատերազմին յաջորդած՝ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն յստակ ամրագրուած է 1994-1995 թուականներու հրադադարի եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագրերու անվերապահ իրականացման անհրաժեշտութիւնը։ Բաց աստի, ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի խախտման հետաքննութեան դրութիւններու ստեղծման եւ ԵԱՀԿ-ի դիտորդներու թիւի բարձրացման վերաբերեալ։ Այդուհանդերձ, ինչպէս եւ անցեալին, Ատրպէյճան կը խուսափի այդ պայմանաւորուածութիւններու կատարումէն։ Հայաստան՝ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխաւոր, ստիպուած է ջանքեր գործադրել տարածքաշրջանէ ներս հաւասարակշռութեան պահպանման եւ նոր լարուածութիւն թոյլ չտալու նպատակով։ Մենք պատրաստ ենք համաչափ պատասխան տալ նոր պատերազմի մը սկսելու որեւէ փորձի։ Պատերազմը խնդրի լուծման միջոց չէ։ Բանակցութիւններուն համար այլընտրանք չկայ։ Հայաստան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն՝ Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ միասին կը շարունակէ ջանքեր գործադրել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ»։