THE NEW YORK TIMES ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ՝ «ԱԿՌԱՀԱՏԻԿ»ԻՆ
Ամերիկեան The New York Times պարբերականը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ լայն տարածում ունեցող արարողութիւններէն մէկուն՝ «Ակռահատիկ»ին: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, յօդուածագիրը կը նշէ, որ «Հայաստանի մէջ երախաները իրենց մասնագիտութեան մասին կը սկսին մտածելու շատ փոքր տարիքէն՝ տակաւին վեց ամսու եղած ատեն»:
«Երբ երախայի առաջին ակռան ելլէ՝ մօտաւորապէս չորսէն եօթ ամսականին, տեղի կ՚ունենայ տօնակատարութիւն մը, որ յայտնի է որպէս «ակռահատիկ» կամ «ատամհատիկ»: Որպէս արարողակարգի մաս՝ երախային դիմաց կը դնեն տարբեր մասնագիտութիւններ ներկայացնող առարկաներ՝ բարձրախօս հաղորդավարի համար, կրծքադիտակ՝ բժիշկի համար, մկրատ՝ դերձակի համար կամ գումար՝ դրամավարի համար: Երախան առաջին ագամ ո՛ր առարկան որ ընտրէ, կ՚ենթադրուի, որ ան պիտի զբաղուի այդ մասնագիտութեամբ», կը գրէ The New York Times պարբերականը:
Երեւանի Պետական համալսարանի Մշակութաբանութեան ամպիոնի դասախօս Եուլիա Անտոնեան պատմած է, որ չկան պարտադիր առարկաներ եւ շատ յաճախ ծնողները կ՚ընտրեն այնպիսի առարկաներ, որոնք «ազդեցիկ» մասնագիտութիւններ կը խորհրդանշեն: «Արարողութիւնը կը սկսի երախայի գլխուն եւ անոր շուրջը տարատեսակ ընդեղէն լեցնելով: Սովորաբար, բայց ոչ միշտ երախայի գլուխը կը ծածկեն կտորով, ձեռքերով եւ նոյնիսկ հովանոցով: Այդ արարողութիւնը կ՚ենթադրէ, որ երախան պէտք է ունենայ առողջ ատամներ», կը գրէ ամերիկեան լրատուամիջոցը:
The New York Times կը նշէ, որ մեր օրերուն Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի մէջ ընդունուած է «ակռահատիկ»ին պատրաստել ատամաձեւ թխուածքներ, քաղցրեղէն եւ փուչիկներ: Մինչդեռ նախապէս «ակռահատիկ»ին երախային առջեւ դրուած է միայն երկու իր: Այն ժամանակ կանխագուշակութիւն կատարուած է ոչ թէ երախայի ապագայ մասնագիտութեան, այլ յաջորդ երախայի սեռին մասին. դանակ վերցնելը նշանակած է, որ յաջորդը եղբայր պիտի ըլլայ, իսկ սանտրը կամ հայելին՝ քոյր: