ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԽԱՐԻՍԽԸ

Հասարակական-քաղաքական զարգացումներուն, իմ կարծիքով, պէտք է նայիլ ո՛չ թէ այն տեսանկիւնէն, թէ ո՛ր գործիչը այսօր կամ վաղը պիտի նստի այս կամ այն աթոռին վրայ, այլ ինչ մարտահրաւէրներ կանգնած են մեր երկրին առջեւ եւ անոնք ինչպէս կը լուծուին։ Թէ չէ՝ մեր հայրենակիցներու մեծ մասը կը ղեկավարուի սկզբունքով ու նախապաշարումով՝ «այս մէկը կը սիրեմ, միւսը չեմ սիրեր» եւ ըստ այդմ, «սա՛ պիտի նստի գահուն վրայ», «չէ՛, ա՛յս մէկը»։

Այսպէսով, վերաբերմունքը այս կամ այն գործիչի հանդէպ կը փոխուի կայծակնային արագութեամբ՝ օրերու, յաճախ՝ ժամերու ընթացքին։ Օննիկ Գասպարեանը հերոս է, յետոյ կը պարզուի՝ չէ։ Յարմարողական պաշտօնեայ մըն է։ Կամ՝ «վերջապէս մենք նախագահ ունեցանք», յետոյ՝ «չէ՛, Արմէն Սարգսեան բրիտանական լրտես է»։ Հայաստանի մէջ կան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, որոնց ուշքն ու միտքը այն է, որ Նիկոլ Փաշինեան մնայ իր աթոռին վրայ։ Անոնք կը միացնեն հեռուստացոյցը կամ համակարգիչը եւ կը տեսնեն իրենց մտածելակերպին, իրենց միտքին համապատասխան ղեկավար մը, որ կ՚արտայայտէ իրենց իղձերը՝ «նախկիններու» հանդէպ իրենց զգացումներու առումով։ Այդ մարդիկը չի հետաքրքրեր պատերազմի մէջ ամօթալի պարտութիւնը, երկրի աղիտալի վիճակը, որոնց առաջին մեղաւորը նոյնի՛նքն Փաշինեանն է։

Միւս կողմէ՝ կան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, որոնք ունին միայն մէկ երազանք՝ ամէն գնով գահընկէց ընել Փաշինեանը եւ այստեղ նոյնպէս կրնայ ըլլալ զգացումներու ամբողջ ներկապնակ մը։ Այդ՝ երկրորդ խումբի ներկայացուցիչները կը կարծեն, թէ իրենց երազանքի իրականացման համար կիրառելի են բոլոր միջոցները, ներառեալ՝ ռազմական յեղաշրջումը։ Նոյնի՛նքն այդ քաղաքացիներն են, որոնք, ի վերջոյ, դժգոհ մնացին Արմէն Սարգսեանէն եւ Օննիկ Գասպարեանէն։ Ի՞նչ կ՚ակնկալէին անոնք։ Հաւանաբար՝ որ Օննիկ Գասպարեան զինուած խումբ ուղարկէր կառավարութիւն եւ փորձէր ձերբակալել վարչապետը։ Ենթադրենք, որ այդ խումբը չէր բախուիր Փաշինեանը պաշտպանող խումբի հետ եւ այդ ձերբակալութիւնը կը կայանար։

Այսպէսով, բանակը իշխանութեան գլուխ կը բերէր ժամանակաւոր կառավարութիւն, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կը կատարէր։ Սա կը կայունացնէ՞ր վիճակը։ Սուիններու վրայ եկած իշխանութիւնը աւելի՞ արդիւնաւէտ կ՚աշխատէր՝ քան ներկայ, այո, չափազանց անարդիւնաւէտ վարչակազմը։ Այդ մէկը ազդակ չէ՞ր ըլլար թշնամիին համար՝ իր դիրքորոշումը կարծրացնելու։

*

Այս շաբաթ կառավարութիւնը ընդունեց որոշումներ՝ գիտութեան եւ գիտաթեքնիկ գործունէութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ կրթութեան գանձատրման օրէնսդրական երաշխիքները վերցնելու մասին։ Առաջին հայեացքով կը թուի, թէ այդ որոշումները այնքան ալ կապ չունին այսօրուան իրավիճակի, այսօր քննարկուող արդիական խնդիրներու հետ։ Բայց այդպիսի տպաւորութիւն կրնայ ստեղծուիլ միայն մակերեսային մօտեցման պարագային։

Հասկնալու համար, թէ ինչո՞ւ կրթութեան եւ գիտութեան դէմ որոշումներ կ՚ընդունուին, պէտք է անդրադառնալ այն հարցին, թէ ո՛րն է ներկայ իշխանութեան ընկերային խարիսխը, որ «ընտրազանգուածն» է, որ անվերապահօրէն կ՚աջակցի Փաշինեանին։ Երբեմն կը հանդիպիմ տեսակէտի մը, որ կը կարծեմ, ձեւաւորուած է Ռուսաստանի որոշ շրջանակներու կողմէ. այս իշխանութիւնը կը յենու «խումբ մը սորոսականներու» վրայ։

Եթէ խօսքը շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու մասին է, ապա, այո, անոնք 2018 թուականէն յետոյ կ՚աշխատին՝ ելնելով հիմնականին մէջ իշխանութեան շահերէն։ Բայց անոնք կ՚ընդգրկեն քանի մը տասնեակ մարդ ու նման քանակը «ընկերային խարիսխ» չես կրնար կոչել։ Այնպէս որ, ամերիկացի գործարարը այստեղ որեւէ կապ չունի։ Բարձրաստիճան դիւանակալները, օլիկարխները (սակաւատէրերը), իմ քայլականները (իշխանական շրջանակները) եւ անոնց հետ փոխկապակցուած այլ շահագրգիռ անձեր նոյնպէս, մեծ հաշուով, եղանակ չեն ստեղծեր։

Փաշինեանի «ընկերային խարիսխը» պէտք է այլ տեղ փնտռել։ Անոր հիմքն են մարդիկ՝ ցած կրթական զգացումով, տեղեկացուածութեան գրեթէ զերոյական մակարդակով, իրականութենէն կտրուած, առասպելական աշխարհի մէջ ապրող։ Երբ անոնք կը խօսեցնես, (իսկ ես սա յաճախ կ՚ընեմ), անոնք չեն ըսեր, որ Փաշինեան իմաստուն ղեկավար է, արդիւնաւէտ պետական գործիչ է կամ՝ որ կառավարութիւնը դրական քայլերու կը ձեռնարկէ։ Գլխաւոր նիւթը, որուն կ՚անդրադառնան այս ընտրազանգուածի ներկայացուցիչները, ո՛չ թէ վարչապետն է կամ կառավարութիւնը, ոչ թէ երկրի ներկայ աղիտալի վիճակն է, այլ… անցեալը։ Անոնք կեդրոնացած են անցեալի վրայ եւ Երրորդ Հանրապետութեան անցած ճանապարհը կը բնութագրեն մէկ նախադասութիւնով՝ «երեսուն տարի այս երկիրը թալանած են»։ Իսկ Փաշինեան, իր հերթին, կ՚ընկալուի որպէս առասպելական հերոս մը, որ միշտ պայքարած է այդ չարիքին դէմ։

Ի հարկէ, այդ յոյզերը դատարկ տեղը չէ, որ յառաջացած են՝ նախորդ երեք իշխանութիւնները չեն տուած այդ մարդոց արժանապատիւ կեանքի հնարաւորութիւն, բնականոն կրթութիւն եւ բարոյական կողմնորոշիչներ։ Ոչ ոք իրաւունք ունի այդ մարդիկը մեղադրելու՝ պարզապէս կ՚արձանագրեմ իրավիճակը։ Եւ այս իրավիճակին մէջ որքան քիչ են կրթուած մարդիկ, այնքան ձեռնտու է ներկայ իշխանութեան։ Իսկ երեսուն տարուայ պատմութիւնը… ինչպէս ըսած է Ժան-Փոլ Սարթր, ոչինչ այնքան յաճախ կը փոխուի՝ որքան անցեալը։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի մարտի 11-ի եւ 13-ի խմբագրականներու համադրութիւն

Երկուշաբթի, Մարտ 15, 2021