ԱՆԻԻ ԱՆԱՍԵԼԻ ՀՄԱՅՔԸ

«Անատոլու» գործակալութիւնը երէկ տեղեկեցուց, որ վերջին երկու ամսուայ ընթացքին 34 հազար 500 հոգի այցելած է պատմական Անի քաղաքը։ Պաշտօնական գործակալութեան կողմէ «Քաղաքակրթութիւններու օրրան» որակուած է միջնադարեան հոյակերտ քաղաքի այժմու աւերակները, որոնք ներկայիս սպիտակ քօղի տակ մնացած են։ Անիի իսկապէս տպաւորիչ ժառանգութիւնը ներկայիս անբացատրելի տեսք մը կը պարզէ ձիւնածածկ վիճակով։ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ տեղ կը զբաղեցնէ Անին, որ պատմական, բնական ու մշակութային հարստութիւններով միշտ առարկայ կը դառնայ զբօսաշրջիկներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Անիի հեքիաթային գեղեցկութիւնները տարուան առաջին երկու ամիսներուն ապահոված են զբօսաշրջիկներու հոսքը։ Մասնաւորապէս Անգարայէն ճանապարհ դուրս եկող Արեւելեան էքսփրեսը եւ այլ գնացքներ կը տեղափոխեն Անիի այցելուները։

«Անատոլու» գործակալութեան թղթակիցը զրուցած է նաեւ կարգ մը այցելուներու հետ, որոնք իրենց տպաւորութիւնները բաժնելու ժամանակ առասպելական որակած են Անի քաղաքը։

Անցեալ տարի 66 հազար 200 հոգի այցելած է Անի, իսկ այս տարուայ առաջին երկու ամիսներուն այդ թիւը արդէն կազմած է 34 հազար 500 հոգի։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2022