ԱՆՎՀԱՏ ՋԱՆՔԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա։ Սա գերմանացի շանսէօլիէի առաջին Թուրքիա այցելութիւնն էր՝ պաշտօնի կոչուելէ վերջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները շօշափեցին Թուրքիա-Գերմանիա համագործակցութեան հեռանկարները։ Այսպէս, Անգարա եւ Պերլին պատրաստակամ են երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը 50 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին բարձրացնելու։ Շոլցն ալ դիտել տուաւ, որ Գերմանիա կը փափաքի աւելի լաւ արժեւորել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մեծ ներուժը։

Էրտողան եւ Շոլց առաջնահերթօրէն անդրադարձան նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին։ Նախագահը շեշտեց, որ մշտական հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ ջանքերը անվհատ պիտի շարունակուին։ Կողմերը համակարծիք գտնուած են, որպէսզի Եւրոպայի անվտանգութեան ամրապնդման նպատակով միջոցներ ձեռք առնելու առընթեր, թափ տան լուծման ուղղեալ դիւանագիտական ջանքերուն։ Նախագահի խօսքով՝ ըլլալով ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ՝ Թուրքիա եւ Գերմանիա վերահաստատած են իրենց հասարակաց մօտեցումներն ու մտահոգութիւնները։

Իր կարգին, Օլաֆ Շոլցն ալ Էրտողանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին կոչ ուղղեց, որպէսզի այլեւս կանգ առնեն։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2022