ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԴԻՄՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը երէկ պաշտօնապէս դիմում ներկայացուց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, սա Երեւանի պատասխանն է Պաքուի կողմէ վերջերս իրեն ներկայացուած առաջարկներուն։ Ուստի, հայկական կողմը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դիմած է, որպէսզի բանակցութիւններ կազմակերպուին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման նպատակով՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Քաղաքական ու քաղաքացիական իրաւունքներու միջազգային դաշնագրի եւ Հելսինքիի եզրափակիչ աքթի հիման վրայ։

Անցեալ շաբաթավերջին հաղորդուած էր, որ Ատրպէյճան հինգ կէտերէ բաղկացեալ սկզբունքներ ներկայացուցած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման համար։ «Երկու երկիրները կրնան այս սկզբունքներուն հիման վրայ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել խտացեալ, բովանդակային, առարկայական բանակցութիւններու միջոցաւ», նշած էր Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլաեւա։

Այդ հինգ կէտերը կը նախատեսեն՝ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ իրարու քաղաքական անկախութեան փոխադարձ ճանաչում։ Երկրորդ՝ պետութիւններու իրարմէ տարածքային պահանջներու բացակայութեան եւ ապագային ալ նման պահանջներ չներկայացնելու իրաւական պարտաւորութեան փոխադարձ հաստատում։ Երրորդ՝ զերծ մնալ միջպետական յարաբերութիւններու մէջ իրարու անվտանգութեան սպառնացող, իրարու քաղաքական անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիք կամ ուժ կիրառելէ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներուն հետ անհամատեղելի այլ գործողութիւններէ։ Չորրորդ՝ սահմանազատում եւ սահմանագծում, նաեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում։ Հինգերորդ՝ փոխադրութեան եւ այլ հաղորդակցութիւններու բացում, այլ հաղորդակցութիւններու հաստատում եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ ոլորտներէ ներս համագործակցութիւն։

Թուրքիան ալ արձագանգած է Ատրպէյճանի այս առաջարկներուն։ Ըստ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներուն, այս սկզբունքները կը խթանեն տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու բարեկեցութեան հաստատումը, ու կը բխին Հայաստանի շահերէն։ Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի աւարտին յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է դրականօրէն արձագանգէ՝ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ այս առաջարկին, որովհետեւ սա ձեռնտու է բոլորին համար։ Իր խօսքով՝ թրքական կողմը կ՚ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ որեւէ քայլ։

Ուրեմն, Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ այս համայնապատկերին վրայ առաւ իր քայլը՝ դիմելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն։ Հայկական աղբիւրներուն տեսակէտէ ուշագրաւ է, որ Պաքուի պաշտօնական նամակը կը կրէ փետրուարի 21-ի թուականը, սակայն հայկական կողմին փոխանցուած է միայն մարտի 10-ին։ Ըստ երեւոյթին, Պաքու նախընտրած է, որ այդ քայլը համընկնի Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի օրերուն, երբ Չավուշօղլուի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած էր։

Այս իրադարձութիւնները կը զուգորդուին Ատրպէյճանի կողմէ թափ տրուած նոր յարձակումներով՝ թէ՛ Արցախի վրայ եւ թէ Հայաստանի հետ սահմաններու երկայնքով։ Երէկ, համանախագահներուն դիմելու զուգահեռ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններուն ներկայացուց Ատրպէյճանի այն գործողութիւնները, որոնք Արցախէ ներս մարդասիրական ճգնաժամ յառաջացուցած են. օրինակ՝ կազի մատակարարման շարունակական խաթարում, ենթակառուցուածքներու եւ քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորում եւ ժողովուրդի դէմ հոգեբանական ճնշումներու գործադրութիւն։ Իր կարգին, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանն ալ երէկ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած խումբ մը դեսպաններուն ներկայացուց տարածաշրջանի առկայ անվտանգային իրավիճակը։

Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ «Արմէնփրէս»ին հարցազրոյց մը տալով շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը հայկական կողմին տեսակէտէ տարածքային հարց մը չէ, այլ՝ իրաւունքներու։ Պաքուի առաջարկները մեկնաբանելով՝ Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ իւրաքանչիւր բանակցութիւն պէտք է ընթանայ առանց նախապայմանի։

«Երկու երկիրները, ըստ էութեան, տակաւին 8 դեկտեմբեր 1991 թուականին համատեղ ստորագրելով «Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան ստեղծման մասին» համաձայնագիրը, արդէն իսկ ճանչցած են իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ընդունած են, որ չունին իրարմէ տարածքային պահանջեր։ Հարկ է նկատել նաեւ, որ առաջարկին մէջ նշուած կէտերը ամբողջութեամբ չեն արտացոլեր առկայ խնդիրներու ամբողջ օրակարգը։ Հայկական կողմին համար սկզբունքային եւ հիմնարար է, որ յստակ երաշխաւորուին արցախահայութեան իրաւունքներն ու ազատութիւնները, վերջնականապէս յստակեցուի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը։ Մեզի համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը տարածքային հարց չէ, այլեւ իրաւունքներու», ըսաւ Միրզոյեան։

Բաց աստի, նախարարը դիտել տուած է, որ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կատարուած եռակողմանի յայտարարութիւններով ամրագրուած պայմանաւորուածութիւնները պէտք է լիարժէք կեանքի կոչուին։ Հայկական կողմը կը շարունակէ հետեւողական ըլլալ այս ուղղութեամբ։ Երեւան նոյնիսկ համալիր առաջարկներով հանդէս եկած է այդ համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու շուրջ՝ մանաւանդ սահմանազատման գործընթացի սկիզբին վերաբերեալ առաջարկը մերժուած է Պաքուի կողմէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2022