ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը տեսակցեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ, որ նախօրէին Իսթանպուլ եկած էր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ հանդիպելու համար։ Հիւր վարչապետը նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպումէն անմիջապէս առաջ, կիրակի, յետմիջօրէի ժամերուն մէկտեղուեցաւ Նորին Սրբութեան հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Շիշմանօղլու» ապարանքին մէջ, որ կը գործէ որպէս մշակոյթի կեդրոն՝ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոսութեան հովանիին ներքեւ։

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ շարք մը բարձրաստիճան եկեղեցականներ։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2022