ՏԱԳՆԱՊՆԵՐ ՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան-Պլինքըն զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն ու կարեւորուեցաւ ռազմավարական երկխօսութեան շարունակականութեան ապահովումը՝ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ամրապնդման ու զարգացման նպատակով։ Փաշինեան ամերիկեան կողմին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղութեամբ Հայաստանին ի նպաստ ցուցաբերուած հետեւողական աջակցութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ ժողովրդավարութեան ապագայ ամրապնդումը Հայաստանի կառավարութեան բացարձակ առաջնահերթութիւնն է ու երկիրը հաստատակամօրէն պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ ընթանալ։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Էնթընի Պլինքըն կանգ առին նաեւ Հարաւային Կովկասի գործընթացներուն վրայ՝ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձնելով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակն ու լարուածութեան աճը։ Կողմերը կարեւորեցին տարածաշրջանէ ներս կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովումը։ Անոնք ընդգծեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման։ Վարչապետն ու պետական քարտուղարը կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման ու սահմանազատման, տարածաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային ասպարէզի գործընթացներուն՝ ներառեալ Ուքրայնայէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։
Փաշինեան-Թրիւտօ զրոյցի ընթացքին ալ շօշափուեցաւ Ուքրայնայէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Երկու վարչապետները, նոյնպէս, կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի գործընթացներուն շուրջ՝ ներառեալ Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութիւնն ու Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման ու սահմանազատման հնարաւորութիւնները։ Փաշինեան եւ Թրիւտօ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութեան աճն ու տարածաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման առումով կարեւորեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորումը։
Թրիւտօ դիտել տուաւ, որ Գանատայի կառավարութիւնը պատրաստակամ է՝ ապագային եւս նպաստելու Հայաստանէ ներս ժողովրդավարութեան ամրապնդման ու զանազան ոլորտներէ ներս երկկողմանի կապերու խորացման։