ՉԻՆԱԿԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ (Բ)

Չինաստանի միջնորդութեամբ կայացած Իրան-Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման որոշումը նոր շրջափուլի մեկնարկ կը նկատուի Միջին Արեւելքի մէջ: Եմէնի պատերազմի աւարտը կամ դադրեցումը, խորքին մէջ, այս համաձայնութեան ցուցանիշն էր: Լարուածութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ կը դրսեւորուէր տարբեր եղանակներով: Պահրէյնէն մինչեւ Սուրիա, անցնելով Լիբանանէն, երկու երկիրները կ՚առճակատէին ուղղակի եւ անուղղակի:

Այս համաձայնութենէն հիմնական դժգոհը տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլն է, որուն համար Իրանը կը շարունակէ մնալ գլխաւոր սպառնալիքը: Թել Աւիւ միշտ գրաւ դրած է սիւննի-շիի անվերջանալի մրցակցութիւններուն եւ հակամարտութիւններուն վրայ:

Մշուշոտ բաժինը կը վերաբերի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն: Չինական բեւեռէն անհանգիստ Ուաշինկթըն տակաւին յստակօրէն չէ արձագանգած Փեքինեան համաձայնութեան: Երկիմաստ յայտարարութիւններ կը հնչեն եւ որոշ պարագային պաշտօնական փոխանցումներու հերքումներ՝ անորոշ պահելով ձեւաւորուող նոր իրավիճակի միտումները:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը կը յայտարարէր, որ Ռիատ-Թեհրան համաձայնութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի ներկայութեան աւարտն է եւ թէ՝ նոր շրջափուլ կը մեկնարկուի այս ձեւով:

Կը հետեւէր մէկ քայլ ետ գացող այլ պաշտօնական յայտարարութիւն մը Թեհրանէն: Արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ Թեհրան Ուաշինկթընի հետ գոյացուցած է համաձայնութիւն՝ բանտարկեալներու փոխանակման հարցով:

Սպիտակ տան հակազդեցութիւնը չէր ուշանար. ԱՄՆ կը յստակացնէր, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ եւ պատանդներու ազատ արձակումը ապահովելու փորձերը կը շարունակուին:

Ամերիկեան այս վերջին յայտարարութիւնը կարգ մը առանցքային ընդգծումներ կը ներառէ: Նախ բացասական դիրքորոշում Թեհրանի հանդէպ՝ հերքումի կարգով: Երկրորդ՝ դարձեալ բացասական երանգի նկատում: Իրանի կողմէ բանտարկեալներու փոխանակում եզրին փոխարէն, ԱՄՆ կ՚օգտագործէ պատանդներու ազատ արձակումը՝ պատանդառու Թեհրան եւ պատանդուած ամերիկացիներ յարաբերակցութեամբ: Ուշագրաւը յայտարարութեան վերջին բաժինն է. փորձերը կը շարունակուին: Այսինքն, Թեհրանի հետ բանակցութիւններու դուռը  բաց է եւ բանակցութիւններ կ՚ընթանան:

Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ներկայութեան աւարտը ազդարարող Իրանի յայտարարութեան համապատասխան տեղեկատուութիւն է ամերիկեան մամուլին շրջանառութեան մէջ դրած լուրը, ըստ որու Չինաստանի նախագահը Ծոցի երկիրներն ու Իրանը Փեքինի մէջ վեհաժողովի կը հրաւիրէ:

Նման համաժողովի մը կազմակերպումը կը տեղաւորուի Ռիատ-Թեհրան համաձայնութեան շրջածիրին մէջ՝ իբրեւ առաջնագոյն օրինակ: Պարզ է, որ երկու երկիրները կանաչ լոյս կու տան միջնորդ Չինաստանին՝ տարածաշրջան մուտք գործելու մեծ դռներէ: Տակաւին պարզ չէ, թէ այդ նոյն դռներէն Ուաշինկթընի հեռացումը պիտի ընթանա՞յ զուգահեռ Փեքինի ժամանումին:

Ռիատի քայլը ներկայ պայմաններուն մէջ այդքան ինքնուրոյն չի կրնար ըլլալ յարաբերաբար Ուաշինկթընին։ ԱՄՆ-ի զօրակայանները տեղակայուած են Սէուտական Արաբիոյ անապատներուն մէջ: Ի վերջոյ Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններու ապալարուածութիւնը ընթացաւ՝ զուգահեռ Ուաշինկթընի կիրարկած պատժամիջոցային քաղաքականութեան մեղմացման եւ Վիեննայի բանակցութիւններու մեկնարկին:

Այս բոլորով հանդերձ նոր շրջափուլ է: Չինաստան զուտ տնտեսական բեւեռէն անցում կը կատարէ դէպի քաղաքական հարթութիւն եւ հանգրուան առ հանգրուան տարածաշրջանային ներկայութիւն:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2023