ԳԻՏԷԻ՞Ք, ԹԷ…

- Շուները երկար բաժանումէ մը ետք իրենց տիրոջ հետ միանալու պահուն ուրախութենէն կու լան։

- Երբ արու թեւատը սիրահարուի, ամբողջ ծովափը կը շրջի՝ իր սիրելի էգ թեւատին ամենագեղեցիկ քարը մատուցելու համար։

- Քերալայի դպրոցներուն մէջ օրուան ընթացքին երեք անգամ «ջուրի զանգակ» կը հնչէ, որպէսզի տղաքը բաւարար ջուր խմեն։

- Սովորութիւն մը ձեռք բերելը կը պահանջէ 66 օր։

- Ամերիկացի մարզիկ Ֆլորընս Կրիֆիթ Ճոյնըր աշխարհի ամենաարագ կինն է, որ այս մրցանիշը արձանագրած է 35 տարի առաջ։

- Պելժիոյ APOPO ընկերութիւնը մուկի բանակ մը ստեղծած է՝ աղէտի գօտիներուն մարդոց օգնելու նպատակով։

- Հարվըրտի համալսարանին մէջ գոյութիւն ունի «Եզակի երանգներու գրադարան» մը, ուր կը պահուին բացառիկ գոյներով անհետացած միջատներ, չափազանց հազուագիւտ քիմիական նիւթեր եւ այլն։

- Չինաստան ներկայիս կարգ մը մայրուղիներուն վրայ կը փորձարկէ լէյզըրով երթեւեկի լոյսեր, որպէսզի վարորդները չքնանան։

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2024