ԿԼՈՊԱԼ ԶԻՆՄԱՆ ԱՀԱՒՈՐ ԱՐՇԱՒ

Սթոքհոլմի միջազգային խաղաղութեան հետազօտութիւններու կաճառը (SIPRI) վերջերս հրապարակեց տեղեկագիր մը, որու բովանդակութեան մէջ յստակօրէն կը ցոլանայ կլոպալ զինման ահաւոր մրցավազքի հասած մակարդակը։

2014-2018 եւ 2019-2023 թուականներու՝ որպէս ժամանակաշրջան բաղդատութիւններու հիման վրայ պատրաստուած է այս զեկոյցը, ըստ որու Եւրոպայի երկիրները կրկնապատկած են իրենց զէնքի ու զինամթերքի ներածումները։ Արդարեւ, Եւրոպայի երկիրները վերջին հինգ տարիներուն դէպի Ուքրայնա զէնք ու զինամթերքի փոխանցումներուն աննախընթաց ձեւով թափ տուած են. հանգամանք մը, որ կը պայմանաւորէ այս ցամաքամասի երկիրներու զէնք ու զինամթերքի ներածումներու կրկնապատկման տուեալը։ Եւրոպայի երկիրները զէնքի ու զինամթերքի ներածումներու կէսէն աւելին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կը կատարեն։

2019-2023 ժամանակաշրջանին Թուրքիա զէնք ու զինամթերքի արտածումները նուազեցուցած է եւ համաշխարհային աղիւսակի վրայ կը զբաղեցնէ այս առումով 17-րդ հորիզոնականը։ Նոյն ժամանակաշրջանին Թուրքիոյ կլոպալ առեւտուրի մէջ բաժինը կրկնապատկուած է եւ զէնք ու զինամթերք արտածողներու երկրի աղիւսակին վրայ արդէն բարձրացած է 11-րդ կարգը։

Համաշխարհային մակարդակով ամենամեծ զէնք ու զինամթերքի արտածողը կը շարունակէ մնալ ԱՄՆ։ Երկրորդ կարգի պարագային եղած է փոփոխութիւն։ Արդարեւ, համաշխարհային մակարդակով զէնք ու զինամթերք արտածող երկիրներու ցուցակին վրայ երկար ժամանակէ ի վեր երկրորդ հորիզոնականը կը զբաղեցնէր Ռուսաստանը։ Ըստ վերջին տուեալներուն, այս վերջինը երկրորդ հորիզոնականը զիջած է Ֆրանսային, որ ցուցակին վրայ բարձրացուցած է իր դիրքը։

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2024