ՆՈՒՐԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիա-Իրաք առանցքին վրայ այս շրջանին նուրբ քննարկումներ կը ծաւալուին։ Անգարայի եւ Պաղտատի ղեկավարութիւնները վերջին շրջաններուն իրերայաջորդ բանակցութիւններ կը վարեն բարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն եւ ներքին գործոց փոխ-նախարար Միւնիր Քարալօղլու միասնաբար այցելեցին Պաղտատ, ուր բանակցութիւններ վարեցին իրենց պաշտօնակիցներուն եւ տուեալ ոլորտի պաշտօնատարներուն հետ։ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյինի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը լսեց Թուրքիոյ զգայնութիւններն ու ակնկալութիւնները։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ այժմու բանակցութիւնները կը խտանան՝ ՓՔՔ-ի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բարդ ու ծաւալուն օրակարգով։ Անգարա միջոց մը առաջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ տեղեկացուցած էր, որ իր սահմաններուն վրայ յառաջիկայ ամրան նոր ռազմական գործողութիւններ պիտի իրականացնէ՝ ՓՔՔ-ի դէմ։ Ներկայիս Թուրքիա կը ջանայ այդ պայքարին ներգրաւել նաեւ Իրաքը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան բանակցութիւններուն մասնակից թրքական պատուիրակութեան կազմը արդէն ինքնաբերաբար կը բիւրեղացնէ այժմու քննարկումներուն առաջնահերթութիւնները։ Այսպէս, կողմերը առկայ խնդիրները կը դիտարկեն դիւանագիտական, ռազմական, լրաքաղութեան եւ յստակ կէտային գործողութիւններու չափումներով։ Ի լրումն այս բոլորին, երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին աչքէ անցուեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի՝ դէպի Իրաք մօտալուտ այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները։ Էրտողանի այս այցելութիւնն ալ առիթ պիտի դառնայ, որպէսզի Թուրքիա ամենաբարձր մակարդակի վրայ հերթական անգամ Իրաքի ղեկավարութեան նկատառման յանձնէ ՓՔՔ-ի դէմ համատեղ պայքարի վերաբերեալ իր սպասումները։

Անգարա-Պաղտատ համատեղ օրակարգին վրայ այս շրջանին ընդգծեալ ձեւով տեղ կը զբաղեցնէ նաեւ «Զարգացման ճանապարհ» նախագիծը։

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2024