ՊԱԽԱՐԱԿՈՒՄ ԵՒ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ ե­թէ պատ­մա­բան­նե­րու գոր­ծը ստանձ­նեն կրօ­նա­ւոր­նե­րը, ա­պա ճշմար­տու­թեան փո­խա­րէն ի յայտ կու գայ զա­ռան­ցան­քը։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան ե­րէկ անդ­րա­դար­ձաւ Վա­տի­կա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պին կող­մէ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գին եւ Ս. Պետ­րո­սի տա­ճա­րէն ներս խօ­սած քա­րո­զին ըն­թաց­քին 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճանչ­նա­լուն։ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ բարձ­րա­ցուած բուռն բո­ղո­քի ձայ­նին ե­րէկ միա­ցաւ նաեւ Էր­տո­ղան։ Թուր­քիոյ Նե­րա­ծող­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան ը­սաւ. «Թոյլ պի­տի չտանք, որ մեր երկ­րին եւ ազ­գին դէմ ար­շա­ւանք մը սկսի՝ պատ­մա­կան դէպ­քե­րու ի­րենց հու­նէն, ի­րենց բուն գե­տի­նէն շե­ղե­ցու­մով։ Ցա­ւե­րը մրցակ­ցու­թեան մէջ դնե­լու, ցա­ւե­րու վրա­յով քա­ղա­քա­կան շահ ա­պա­հո­վե­լու հե­տա­մուտ չենք։ Այ­սօր ե­թէ կ՚ու­զենք հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ վի­ճա­բա­նիլ, ա­պա հար­ցը պէտք է մէջ­տեղ դնենք իր իս­կա­կան չա­փում­նե­րով, ինչ որ պատ­մա­բան­նե­րուն գործն է»։

Ան­գա­րա­յի մէջ, Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի եր­դի­քին տակ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան ա­ռան­ձին բա­ժին մը վե­րա­պա­հեց այս հար­ցին։ Էր­տո­ղան ը­սաւ, որ հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ, մահ­մե­տա­կան­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ, մեր աշ­խար­հագ­րու­թե­նէն ներս ապ­րող բո­լո­րին հետ միա­սին հա­յոց կրած ցա­ւե­րուն Պա­պին կող­մէ որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ո­րա­կուի­լը մեծ ցաւ պատ­ճա­ռած է ի­րեն։ Ան շա­րու­նա­կեց. «Ծա­նօթ է, որ կարճ ժա­մա­նակ ա­ռաջ այ­ցե­լած էր Ան­գա­րա եւ այս­տե­ղի մեր տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ես նկա­տած էի տար­բեր քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ մը։ Տե­սէ՛ք, չեմ ը­սեր կրօ­նա­ւոր մը, տար­բեր քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ մը։ Բայց այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն վերջ, թէ՛ քա­ղա­քա­կան ինք­նու­թեան տար­բե­րու­թեան եւ թէ կրօ­նա­ւո­րի տար­բե­րու­թեան ա­ռու­մով ես ամ­բող­ջու­թեամբ շատ տար­բեր մտայ­նու­թեան մը վե­րադր­սե­ւո­րու­մը տե­սայ դժբախ­տա­բար։ Այդ մտայ­նու­թիւ­նը պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին հա­զա­րա­ւոր­նե­րու, մի­լիո­նա­ւոր­նե­րու կո­րուս­տին պատ­ճառ դար­ձած է»։­

Իր խօս­քե­րուն մէջ Էր­տո­ղան մէջ­բե­րեց այս նիւ­թին շուրջ Թուր­քիոյ ի նպաստ մօ­տե­ցում­ներ ար­տա­յայ­տած ի­տա­լա­ցի պաշ­տօ­նա­տա­րին տե­սա­կէտ­նե­րը։ Ան ա­ւե­լի վերջ ընդգ­ծեց, որ ի­րենք տե­ղեակ են հա­յոց են­թարկուած նե­ղու­թիւն­նե­րուն ու ցաւ կը զգան այդ պատ­ճա­ռով։ «Բո­լո­րը տե­ղեակ են ան­ցեալ տա­րի Ապ­րի­լի 23-ին իմ կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թեան, աշ­խար­հի բո­լոր ղե­կա­վար­նե­րուն ու­ղար­կուած իմ յայ­տա­րա­րու­թեան, մենք նոյն կէ­տին վրայ ենք։ Սա­կայն այդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու ժա­մա­նակ ես ա­ւել­ցու­ցած էի նաեւ պար­բե­րու­թիւն մը։ Երբ հա­յե­րը կը մա­հա­նա­յին մեր երկ­րին մէջ, նոյն ձե­ւով հա­յոց կող­մէ եւ տար­բեր եր­կիր­նե­րու այս­տե­ղի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ Օս­մա­նեան պե­տու­թեան զա­ւակ­ներն ալ սպան­նուե­ցան, նա­հա­տա­կուե­ցան, այս բո­լորն ալ ես ար­ձա­նագ­րած էի այդ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։ Մենք բա­ցար­ձա­կա­պէս կողմ­նա­կից չենք ցա­ւե­րը մրցակ­ցու­թեան մէջ դնե­լու, այդ ցա­ւե­րուն վրա­յով քա­ղա­քա­կան շահ ա­պա­հո­վե­լու։ Այ­սօր ե­թէ կը փա­փա­քինք վի­ճա­բա­նիլ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ, ա­պա նախ եւ ա­ռաջ խնդի­րը պէտք է մէջ­տեղ դնենք իս­կա­կան չա­փում­նե­րով, ինչ որ պատ­մա­բան­նե­րուն գործն է, թո­ղունք որ պատ­մա­բան­նե­րը վի­ճա­բա­նին այս նիւ­թին շուրջ։ Միշտ կ՚ը­սեմ, որ մենք կը բա­նանք մեր բո­լոր ար­խիւ­նե­րը, ե­թէ կան Հա­յաս­տանն ալ թող բա­նայ իր ար­խիւ­նե­րը, ի յայտ թող բե­րէ փաս­տա­թուղ­թե­րը։ Մենք պատ­րաստ ենք մեր բա­նա­կի ար­խիւ­ներն ալ բա­նա­լու, եւ ե­թէ ու­նին, ա­պա եր­րորդ եր­կիր­ներն ալ թող բա­նան։ Բայց այս բո­լո­րը պի­տի ան­տե­սէք, միայն քա­ղա­քա­կան լո­պի­նե­րով պի­տի շրջիք խորհր­դա­րան­նե­րը, այն­տեղ դժբախ­տա­բար հայ­կա­կան Սփիւռ­քի շատ տգեղ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով ստեղծուած կա­պե­րու հե­տե­ւան­քով Թուր­քիոյ դէմ պի­տի փոր­ձէք ար­դիւնք­ներ ձեռք բե­րել։ Պատ­մա­բան­նե­րուն գոր­ծը ե­թէ ստանձ­նեն քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներն ու կրօ­նա­ւոր­նե­րը, ա­պա ի յայտ կու գայ ոչ թէ ճշմար­տու­թիւ­նը, այլ զա­ռան­ցան­քը, ինչ որ կ՚ե­րե­ւի այ­սօր։ Այս ա­ռի­թով կը կրկնեմ հա­մա­տեղ յանձ­նա­ժո­ղո­վի վե­րա­բե­րեալ մեր ա­ռա­ջար­կը ու կ՚ու­զեմ շեշ­տել, թէ պատ­րաս­տա­կամ ենք մեր ար­խիւ­նե­րը բա­նա­լու մին­չեւ վերջ»։ 

Իր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան պա­խա­րա­կեց Սրբա­զան Պա­պը եւ զին­քը զգու­շա­ցուց, որ­պէս­զի նման սխալ­նե­րը չկրկնէ։

ՉԻ­ՉԷՔ ԵՒ ՊՈԶ­ՔԸՐ

Էր­տո­ղա­նի այս ե­լոյ­թին ա­ռըն­թեր ե­րէկ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ճե­միլ Չի­չէք եւ Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար Վոլ­քան Պոզ­քըրն ալ անդ­րա­դար­ձան այս հար­ցին։ Ճե­միլ Չի­չէք ը­սաւ, թէ այդ­պի­սի ա­թո­ռի մը վրայ բազ­մած ան­ձի մը կող­մէ ազ­գի մը հաս­ցէին այս­քան վի­րա­ւո­րա­կան զրպար­տու­թեան մը կա­տա­րուի­լը ա­նըն­դու­նե­լի է։ Չի­չէք Սրբա­զան Պա­պին ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ո­րա­կեց զրպար­տու­թիւն եւ խտրա­կա­նու­թիւն։ Իր կար­գին, Վոլ­քան Պոզ­քը­րն ալ յայտ­նեց, որ այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան մէջ պի­տի ար­ձա­նագ­րուի որ­պէս թշնա­մանք եւ որ­պէս սխալ։

ԵՒ­ՐՈ­ԽՈՐՀՐ­ԴԱ­ՐԱՆ

Վա­տի­կա­նի մէջ ապ­րուած­նե­րուն լոյ­սին տակ Թուր­քիոյ մէջ այս օ­րե­րուն վերս­տին բուռն ձե­ւով կը քննար­կուի հայ­կա­կան հար­ցը։ Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րը ա­նընդ­հատ կ՚անդ­րա­դառ­նան այս խնդրին։ Սուրբ Ա­թո­ռէն բարձ­րա­ցած ձայ­նէն վերջ, Ան­գա­րա­յի ու­շադ­րու­թիւ­նը այ­սօր կեդ­րո­նա­ցած է Պրիւք­սէ­լի վրայ։ Ար­դա­րեւ, այ­սօր Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին մօտ քննար­կում­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ։ Նա­խա­տե­սուած է նաեւ բա­նա­ձե­ւի մը քուէար­կու­թեան դրուի­լը։ Թուր­քիա­յէն խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն մըն ալ կը գտնուի Պրիւք­սէ­լի մէջ։

Ո­ՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸ­ՆԻ ՄԱ­ՍԻՆ ՀԱ­ՇՈ­ՒԱՐԿ

Տե­ղա­կան թեր­թե­րը կ՚անդ­րա­դառ­նան նաեւ Ան­գա­րա­յի տե­սա­կէ­տէ մտա­հո­գիչ ու­րիշ վար­կա­ծի մը։ Այս­պէս, հա­շուի կ՚առ­նուի այն հան­գա­ման­քը, թէ ար­դեօք յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­ման ալ կրնա՞յ հե­տե­ւիլ Սրբա­զան Պա­պի օ­րի­նա­կին։ Թրքա­կան կող­մը այս հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը նկա­տի ու­նե­նա­լով ար­դէն կը խտաց­նէ իր ջան­քե­րը։ Այս շրջագ­ծով Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու կը պատ­րաս­տուի յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն այ­ցե­լել Ո­ւա­շինկ­թըն՝ տե­սակ­ցե­լու հա­մար ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի հետ։ Գոնկ­րէ­սի շրջա­նակ­նե­րէն ներս ալ շփում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Չա­վու­շօղ­լու, որ պի­տի մէկ­տե­ղուի նաեւ Սպի­տակ տան Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան գծով խորհր­դա­կան Սու­զան Ռայ­սի հետ։

ԱՄՆ-ԷՆ ՊԱ­ՏՈ­ՒԻ­ՐԱ­ԿՈՒ­ԹԻՒՆ

Թրքա­կան կող­մը կը հե­տե­ւի նաեւ Ապ­րի­լի 24-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ԱՄՆ-ի կող­մէ բե­րուե­լիք մաս­նակ­ցու­թեան։ Ե­րե­ւա­նի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պա­նը յայտ­նած է, թէ Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա մաս­նա­ւոր պա­տուի­րա­կու­թիւն մը պի­տի ու­ղար­կէ Հա­յաս­տան եւ այդ պա­տուի­րա­կու­թեան կազ­մը պի­տի ճշդուի իր իսկ կող­մէ։ Հա­մա­պա­տաս­խան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րուի յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։

ԲԱԶ­ՄԱԲ­ՆՈՅԹ ԿԱՐ­ԾԻՔ­ՆԵՐ

Բազ­մա­թիւ թեր­թե­րու մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն սիւ­նա­կա­գիր­ներն ալ վերս­տին սկսած են հան­դէս գալ այս նիւ­թին շուրջ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ո­մանք կը յի­շեց­նեն, թէ Վա­տի­կա­նի ներ­կայ դիր­քո­րո­շու­մը նո­րու­թիւն մը չի նկա­տուիր, ո­րով­հե­տեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Յով­հան­նէս Պօ­ղոս Բ. Պապն ալ նման ո­րա­կում մը տուած էր 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն։ Ու­րիշ սիւ­նա­կա­գիր­նե­ր բաղ­դա­տու­թիւն­ներ կ՚ը­նեն այ­սօր ստեղ­ծուած մթնո­լոր­տին եւ Խա­չակ­րաց ար­շա­ւանք­նե­րու շրջա­նի պայ­ման­նե­րուն մի­ջեւ։

ՄԱՀՉՈՒՊԵԱՆ. «ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է ՉԸՍԵԼ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ»

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի ա­ւագ խորհր­դա­կան­նե­րէն Է­թիէն Մահ­չու­պեան յայ­տա­րա­րեց, որ ան­կա­րե­լի է 1915 թուա­կա­նի հա­յոց են­թարկուած­նե­րը չբնո­րո­շել որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ «karar.com» կայ­քէ­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­նե­լու ժա­մա­նակ այս տե­սա­կէ­տը ար­տա­յայ­տած է Մահ­չու­պեան, ո­րու խօս­քե­րը այ­սօր ար­ձա­գանգ գտած են նաեւ տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ։

Ս. Պա­պի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ալ անդ­րա­դառ­նա­լով՝ Մահ­չու­պեան շեշ­տած է, թէ երբ Պոս­նա­յի եւ Ափ­րի­կէի մէջ ապ­րուած­նե­րը կ՚ո­րա­կուին որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, ա­պա ան­կա­րե­լի է նոյ­նը չը­սել 1915-ին հա­յոց դէմ կա­տա­րուած­նե­րուն մասին։

Մահ­չու­պեա­նի հա­մոզ­մամբ, Վա­տի­կան թօ­թա­փած է հա­րիւր տա­րուան հո­գե­բա­նա­կան ծան­րու­թիւ­նը։ «Թէ ին­չո՞ւ հա­րիւր տա­րի վերջ այս բա­ռը օգ­տա­գոր­ծուե­ցաւ ը­սե­լու փո­խա­րէն պէտք է պա­րա­գան դի­տար­կել հա­կա­ռակ կող­մէն. ինչ­պէ՞ս դի­մադ­րեց հա­րիւր տա­րի», ը­սաւ Մահ­չու­պեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ էա­կա­նը ապ­րուա­ծին հետ ա­ռե­րե­սուիլն է։ Կա­րե­ւո­րը այն է, որ միաս­նա­բար դա­սեր քա­ղուին եւ ա­պա­գան կեր­տուի միա­սին։ «Հա­րիւր տա­րի ա­ռա­ջուան նա­յե­լու ժա­մա­նակ ե­թէ կը կա­րո­ղա­նանք նա­յիլ միա­սին, ա­պա սա կա­րե­ւոր է», ա­ւել­ցուց Մահ­չու­պեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2015