ԲԱՆՋԱՐԱՆՈՑԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ մեծ ոդիսականը կը շարունակուի։ Տասնամեակներ առաջ առգրաւուած այս համայնքապատկան տարածքը վերջին բարեփոխումներուն զուգահառ վերադարձուած էր Ազգային հիւանդանոցին։ Ներկայիս մարզական համալիր մը կը գտնուի նախկին բանջարանոցի տարածքին վրայ։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կարգադրութեամբ անոր սեփականութեան իրաւունքին Ազգային հիւանդանոցի վերադարձուելէն վերջ Զէյթինպուրնուի քաղաքապետարանը դիմած էր դատարան։ Այդ դատական գործընթացը կը շարունակուէր երկար ժամանակէ ի վեր։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան եւ Զէյթինպուրնուի քաղաքապետարանի միջեւ դատական գործընթաց մըն է այս մէկը, որուն ներգրաւուած է նաեւ հոգաբարձութիւնը՝ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւելով բոլոր զարգացումներուն։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Վճռաբեկ ատեանի 10-րդ բաժանմունքը արձակած է վճիռ մը, որով տարածքի սեփականութեան իրաւունքը պէտք է վերադարձուի Զէյթինպուրնուի քաղաքապետարանին։ Հաղորդումներուն մէջ կը մատնանշուի, թէ հոգաբարձութիւնը կը պատրաստուի հարցը վիճարկել աւելի բարձր ատեանի մը մօտ։
Ուշագրաւ է, որ այս վերջին ժխտական դատավճռին շուրջ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը որեւէ պաշտօնական հրապարակային լուսաբանութիւն չէ տուած համայնքին։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու Ս. Զատկի վերջին ընդունելութեան ընթացքին Գումգաբուի մէջ համայնքային պատասխանատուներու ներկայութեամբ հարցումի մը պատասխանելով՝ յայտնած էր, թէ չի նախատեսեր տարածքի սեփականութեան իրաւունքին հեռանկարային իմաստով վտանգի ենթարկուիլը, թէեւ իրաւական հարթութեան վրայ պայքարը պիտի ըլլայ դժուար։