դրական տպաւորութիւններ

Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Նո­պէ­լեան օ­րեր» ծրա­գի­րը ու­նե­ցաւ յա­ջող ար­դիւնք մը։ «Մխի­թար Հե­րա­ցի» պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած հինգ գիտ­նա­կան­ներ, ո­րոնք հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կով հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ կը հա­մա­րուին բժշկու­թեան կամ յա­րա­կից ճիւ­ղե­րուն մէջ։ Հիւր գիտ­նա­կան­նե­րը ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­լով ամ­փո­փե­ցին ի­րենց Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Ա­նոնք ընդ­հան­րա­պէս դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ի­րենց կե­ցու­թեան օ­րե­րուն եւ վկա­յու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Մինչ այդ, «Նո­պէ­լեան օ­րեր»ու մաս­նա­կից­նե­րը այ­ցե­լե­ցին նաեւ Դի­լի­ջա­նի մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցը, ուր հե­տաքրք­րա­կան հան­դի­պում մը ու­նե­ցան ա­շա­կեր­տու­թեան հետ։ Ա­նոնք նշե­ցին, թէ խո­րա­պէս տպա­ւո­րուած են ա­շա­կեր­տու­թեան ո­գե­ւո­րու­թեամբ։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016