ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԵՏ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԷ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՏԵՂԱԿԱԳԻՐԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ
Եւրոխորհրդարանը երէկ ընդունեց 2016 թուականի Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան զարգացման տեղեկագիրը։ Հոլանտացի խորհրդարանական Քեթի Փիրիի կողմէ հեղինակուած տեղեկագիրը այս տարի եւս ետ պիտի վերադարձուի Անգարայի կողմէ։ 375 կողմ, 133 դէմ եւ 87 ձեռնպահ քուէներով ընդունուեցաւ այս տեղեկագիրը, որ Անգարայի կողմէ կը մերժուի հայկական հարցին բերումով։
Տարեկան զարգացման տեղեկագրին մէջ շեշտուած է, թէ Թուրքիա հեռացած է Եւրոմիութեան անդամակցելու համար անհրաժեշտ Քոփենհակեան չափանիշներէն։ Բազմաթիւ բնագաւառներու պարագային երկրէն ներս նկատուած է յետընթաց։ Տեղեկագրին մէջ խիստ քննադատութիւններ հասցէագրուած են Թուրքիոյ՝ բազմաթիւ ոլորտներու պարագային, մասնաւորապէս մամուլի ազատութեան կապակցութեամբ։
Այս տեղեկագրին մէջ Եւրոխորհրդարանը անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան կոչ ուղղած է՝ որպէսզի թողու զէնքերը։ ՓՔՔ-ի կտրուածքով տեղեկագիրը անցեալ տարիներուն բաղդատմամբ ունի աւելի յստակ բովանդակութիւն մը, որ Թուրքիոյ ակնկալութիւններուն աւելի համապատասխան կը համարուի։ Յամենայնդէպս Եւրոխորհրդարանը արձանագրած է, որ ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան գետիններուն վրայ Թուրքիոյ մէջ նկատուած յետընթացի լոյսին տակ վերջին տարիներուն ակնյայտօրէն դանդաղած են բարեփոխումները։ Մասնաւորապէս ընդգծուած են դատական համակարգի անկախութեան եւ արտայայտութեան ազատութեան վերաբերեալ հարցերը։
Ի լրումն այս բոլորին, Եւրոխորհրդարանի տեղեկագրին մէջ այս տարի եւս յղում կատարուած է հայկական հարցին, որ կը դասուի Անգարայի կարմիր գիծերու շարքին։ Տեղեկագրին մէջ յղում կատարուած է Եւրոխորհրդարանի այն որոշման, որով 1915-ի դէպքերը որակուած են որպէս ցեղասպանութիւն։ Կոչ ուղղուած է, որպէսզի թրքական կողմն ալ 1915-ի դէպքերը ճանչնայ որպէս ցեղասպանութիւն։ Անցեալ տարի Թուրքիա այս պատճառով մերժած էր ԵՄ-ի տարեկան տեղեկագիրը։ Այս տարի եւս կ՚ապրուի նոյնը։ Արդարեւ, ԵՄ-ի գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտնած էր, թէ Թուրքիա տեղեկագիրը ետ պիտի վերադարձնէ՝ նման ձեւով ընդունուելուն պարագային։
Տեղական մամուլէն կարգ մը թերթեր կը գրեն, թէ Թուրքիա այս տեղեկագիրը ետ կը վերադարձնէ անոր խիստ ոճէն աւելի՝ հայկական հարցին կատարուած ակնարկութեան պատճառաբանութեամբ։