ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅԱԲՆԱԿ ԹԱՂԵՐԸ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ԵՆԹԱԿԱՅ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ որքան որ ալ դիւանագիտական ջանքեր յառաջ տարուին առկայ ճգնաժամը յաղթահարելու համար՝ ժողովուրդին կը շարունակէ միշտ բաժին վիճակիլ ահաւոր ողբերգութիւնը։ Հալէպի մէջ վերջին օրերուն դարձեալ կ՚ապրուին լարուածութիւններ եւ արիւնալի ծանրակշիռ դէպքեր։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Բերիոյ Թեմի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ ահաբեկիչները դարձեալ ռմբակոծած են Հալէպի հայաբնակ թաղամասերը։ Քաղաքի շարք մը թաղամասերուն վրայ կատարուած ռմբակոծումներով խախտուած է հրադադարի դրութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ հրթիռակոծութեան ենթարկուած են հայաբնակ Նոր Գիւղ, Սիւլէյմանիէ եւ Սէյրաֆի թաղամասերը։
Պայթումներուն հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորեալներ։ Վերջին դէպքերուն հետեւանքով մահացած կամ տուժած հայերու մասին տեղեկութիւններ չկան։