ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ՓԵՔԻՆ ԱՅՑԸ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պա­նտեան այ­սօր եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ դէ­պի Փե­քին։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Չի­նաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Վան Եիի եւ Շան­կհա­յի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ռա­շիտ Ա­լի­մո­վի հետ։

Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան կը ստո­րագ­րէ յու­շա­գիր մը, ո­րու հի­ման վրայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը երկ­խօ­սու­թեան գոր­ծըն­կե­րոջ կար­գա­վի­ճակ կը ստա­նայ Շան­կհա­յի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016